«ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ» 11-ՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑՈՅԹԸ

Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջերս կազ­մա­կեր­պուած «Ա­րամ Խա­չա­տու­րեան» մի­ջազ­գա­յին մրցոյ­թը ար­ժա­նա­ցաւ ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հի ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան։ 11-րդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պուած այս մրցոյ­թը ի­րա­կա­նա­ցաւ «Ucom» ըն­կե­րու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ։ Ե­րի­տա­սարդ ե­րա­ժիշտ­նե­րը մրցոյ­թին շրջագծով փոր­ձե­ցին ներ­կա­յաց­նել ի­րենց ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րը։

Այս բո­լո­րէն վերջ Ե­րե­ւա­նի Օ­փե­րա­յի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ մի­ջազ­գա­յին մրցոյ­թի մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին դափ­նե­կիր­նե­րը ստա­ցան ի­րենց պար­գեւ­նե­րը։ Եզ­րա­փա­կիչ փու­լի հա­մերգն ալ խոր տպա­ւո­րու­թիւն գոր­ծեց ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րուն վրայ։

Շաբաթ, Յունիս 20, 2015