ՈՉ ԵՒՍ Է ԱՐՓԻԿ ՄԻՍԱՔԵԱՆ

Դառն կսկի­ծով վե­րա­հա­սու դար­ձանք, թէ ե­րէկ ի­րի­կուն Փա­րի­զի մէջ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է Ար­փիկ Մի­սա­քեան։ Հայ Սփիւռ­քի խորհր­դան­շա­կան կեր­պար­նե­րէն մէկն էր Ար­փիկ Մի­սա­քեան, որ տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ ան­խոնջ աշ­խա­տա­ւոր մը որ­պէս հրա­տա­րա­կած էր իր հօր՝ Շա­ւարշ Մի­սա­քեա­նի կող­մէ ի­րեն ժա­ռան­գուած «Յա­ռաջ» օ­րա­թեր­թը։

Մա­հուան գոյ­ժը հա­սաւ այն ժա­մա­նակ, երբ թերթս կը պատ­րաս­տուէինք յանձ­նել մա­մու­լին։ Հան­գու­ցեա­լի յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը տա­կա­ւին յայտ­նի չեն։

Շաբաթ, Յունիս 20, 2015