ՍԴՀԿ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՔՍԱՆՆԵՐՈՒՆ ԱՃԻՒՆԸ

Սո­ցիալ Դե­մոկ­րատ Հնչա­կեան կու­սակ­ցու­թիւ­նը (ՍԴՀԿ) պա­հան­ջա­գիր մը ներ­կա­յա­ցու­ցած է Իս­թան­պու­լի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան՝ պա­հան­ջե­լով ա­ճիւն­նե­րը այն քսան կու­սակ­ցա­կան ըն­կեր­նե­րուն, ո­րոնք կա­խա­ղան բարձ­րա­ցուած էին 15 Յու­նիս 1915-ին։ Հնչա­կեան կու­սակ­ցու­թեան կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թիւ­նը քսան կա­խա­ղան­նե­րու 100-ա­մեա­կին առ­թիւ յղած պա­հան­ջագ­րին մէջ դի­տել տուած է, որ Պէ­յա­զը­տի հրա­պա­րա­կին վրայ կա­խա­ղան բարձ­րա­ցուած են քսան հայ յե­ղա­փո­խա­կան­ներ, ո­րոնք կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար­ներն ու պա­տաս­խա­նա­տու ան­դամ­ներն էին։ Ա­նոնք թա­ղուած են Է­տիր­նէ­գա­բուի հա­յոց գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ։

«Մենք՝ Հնչա­կեան կու­սակ­ցու­թեան կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թիւնս, կը փա­փա­քինք առ­նել մեր ղե­կա­վար ըն­կեր­նե­րուն ա­ճիւն­նե­րը եւ տե­ղա­փո­խել Թուր­քիա­յէ դուրս։ Հե­տե­ւա­բար, կը պա­հան­ջենք, որ տե­ղե­կաց­նէք այդ գոր­ծին օ­րի­նա­կան ու­ղի­նե­րուն մա­սին», նշուած է պա­հան­ջագ­րին մէջ։

Շաբաթ, Յունիս 20, 2015