ՍԱՀՄԱՆԻ ՎՐԱՅ ԶՈՀ ՄԸ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ այս շաբաթավերջին եւս լարուածութիւնը շարունակուեցաւ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ատրպէյճանի զօրքերը կրակած են Վարդենիսի ուղղութեամբ։ Ըստ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան, դէպքերուն հետեւանքով ժամկէտային զինուոր մը նահատակուած է։

Գեղարքունիքի մարզպետ Կարէն Սարգսեանն ալ զանազան լրատուամիջոցներու տեղեկացուցած էր, որ սահմանակից Վերին Շորժայի հատուածէն ներս եղած է լարուածութիւնը։

Երկուշաբթի, Յունիս 20, 2022