ԱՐԴԱՐ ՄԵԾԱՐԱՆՔ. ՄԻՍԱՔ ՄԱՆՈՒՇԵԱՆ ՊԻՏԻ ՀԱՆԳՉԻ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԱՆՄԱՀ ՄԵԾԵՐՈՒ ԿՈՂՔԻՆ
Փարիզի «Նոր Յառաջ»ին մէջ կը կարդանք.-
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն կատարեց տնօրինութիւն մը, որու հիման վրայ երկրի Դիմադրութեան հերոսներէն Միսաք Մանուշեանի աճիւնը պիտի փոխադրուի Փարիզի Պանթէոնը։ Այս մասին արդէն երկար ժամանակէ ի վեր օրակարգի վրայ կը գտնուէր եւ Էմմանիւէլ Մաքրոնի տնօրինութիւնով արդէն ամէն ինչ պաշտօնականացաւ։ Էլիզէի պալատի աղբիւրները համապատասխան հաղորդումները կատարեցին յատկանշական տարեդարձի մը օրով՝ յունիսի 18-ին։ Արդարեւ, այժմու Ֆրանսան հիմնած, երկիրը ազատագրած զօրավար Տը Կոլ 18 յունիս 1940 թուականին ամբողջ ֆրանսացիներուն ուղղած էր իր պատմական կոչը։ Տը Կոլի այդ կոչին հիման վրայ Ֆրանսայի, գուցէ նաեւ աշխարհի պատմութեան ընթացքը փոխուած էր։
Այս ամբողջին մէջ առանցքային կերպար մըն է Միսաք Մանուշեան, որ Ֆրանսայի մէջ ծանօթ է նաեւ՝ որպէս հայոց ցեղասպանութեան վերապրած։ Էլիզէի հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ նախագահ Մաքրոն բարձր գնահատած է Միսաք Մանուշեանի բացառիկ սխրանքը եւ հայրենասիրական մղումը, որ բոլոր սահմանները կը գերազանցէ։ Այդ բոլորը Ֆրանսայի համար առանձնայատուկ ներշնչանքի աղբիւր կը նկատուին։ «Միսաք Մանուշեան կը մարմնաւորէ Ֆրանսայի մեծութեան մէկ մասը։ Ան կը մարմնաւորէ համամարդկային արժէքները՝ ազատութիւնը, հաւասարութիւնն ու եղբայրութիւնը, յանուն որոնց ան պաշտպանած է Ֆրանսայի Հանրապետութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։ Ի շարունակութիւն Մաքրոն ողջունած է Մանուշեանի արիութիւնը, հերոսութիւնը եւ անոր անձին ընդմէջէն ոգեկոչած է վերջինիս բոլոր օտար զինակիցները՝ նշելով, որ Ֆրանսայի համար նոյն գինը ունի բոլորին կողմէ թափուած արիւնը։
Միսաք Մանուշեան այսպէսով կը հանդիսանայ առաջին օտար գործիչը, որ մուտք կը գործէ Փարիզի Պանթէոնը, որ հոյակերտ տաճար մըն է, ուր ամփոփուած են ֆրանսացի մեծերու աճիւնները. օրինակ՝ Վիքթոր Հիւկօ, Ժան-Ժագ Ռուսօ, Էմիլ Զոլա, Ալեքսանտր Տիւմա, Փիէր եւ Մարի Քիւրիներ եւ այլք։
Միսաք Մանուշեանի Պանթէոն մուտքի արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 21 փետրուար 2024 թուականին՝ իր եւ զինակից ընկերներու գնդակահարութեան 80-րդ տարելիցին օրը։ Ան թէեւ պիտի վերայուղարկաւորուի իր կողակցին՝ Մելինէ Մանուշեանի հետ, սակայն, ըստ Էլիզէի հաղորդագրութեան, այստեղ պիտի ըլլայ նրբութիւն մը։ Թէեւ Մելինէ Մանուշեանի աճիւնները ֆիզիքապէս պիտի փոխադրուին իր ամուսնոյն մօտ, սակայն միայն Միսաք Մանուշեանն է, որ պիտի պանթէոնականացուի։