ԵԺԿ-ԷՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ ընդունեց Եւրոպայի Ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) ներկայացուցիչները։ Հարկ է նշել, որ Սերժ Սարգսեան ներկայիս կը գլխաւորէ ընդդիմադիր Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը, որ կ՚անդամակցի ԵԺԿ-ին։ Սարգսեան ԵԺԿ-ի ներկայացուցիչները հիւրընկալեց իր ղեկավարած Հանրապետական կուսակցութեան Երեւանի կեդրոնատեղիին մէջ։ Այսպէս, ան զրուցեց Եւրոխորհրդարանի ԵԺԿ խմբակցութեան պատգամաւորներէն Մայքըլ Կահլէրի եւ նոյն խմբակցութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով խորհրդական Ռոպերթ Կոլանսքիի հետ։ Ներկայ էր նաեւ Հայկ Մամիճանեան, որ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս կը գլխաւորէ այն ընդդիմադիր խմբակցութիւնը, որուն մաս կը կազմէ Հանրապետական կուսակցութիւնը։

Զրոյցի բովանդակութեան մասին մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած։

Երեքշաբթի, Յունիս 20, 2023