ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Չինաստանի վարչապետ Լի Ցիանկ այս օրերուն շրջագայութիւն մը կ՚իրականացնէ դէպի Եւրոպա։ Սա չինացի վարչապետին առաջին արտասահմանեան ուղեւորութիւնն է՝ պաշտօնի կոչուելէ վերջ։

Լի Ցիանկի շրջագայութեան առաջին կանգառը հանդիսացաւ Պերլինը, ուր ան ընդունուեցաւ Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէրի կողմէ։ Ցիանկ, որ ընդունուեցաւ նաեւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի կողմէ, յայտարարեց, թէ Փեքին պատրաստակամ է Պերլինի հետ համագործակցութիւնը զարգացնել։ Չինացի վարչապետը Գերմանիայէն վերջ կ՚ուղեւորուի Ֆրանսա։

Ցիանկի շրջագայութեան ժամանակ նախատեսուած բանակցութիւններուն օրակարգի առանցքային նիւթերու շարքին են Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմն ու կլիմայի փոփոխութիւնով պայմանաւորուած մարտահրաւէրները։

Երեքշաբթի, Յունիս 20, 2023