«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ԳՈՒՄԱՐՈՒԱԾ

Երեւանի մէջ վերջին օրերուն գումարուեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի տարեկան նիստը։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս հոգաբարձուներու խորհուրդի հաւաքը առիթ դարձաւ հիմնադրամի գործունէութիւնը ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկելու եւ տեսանելի ապագայի աշխատանքները նախանշելու։

Գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստին ընթացքին ծաւալուն զեկոյց մը ներկայացուց՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործունէութեան շուրջ։ Ան մասնաւորապէս ընդգծեց, որ հիմնադրամը կը շարունակէ իրականացնել անկիւնաքարային դերակատարութիւնը Հայաստանի տեսակէտէ։

Միւս կողմէ, հոգաբարձուներու խորհուրդի տարեկան ժողովի օրերուն հիմնադրամը Կիւմրիի մէջ ալ կազմակերպեց յատկանշական արարողութիւն մը։ Այսպէս, քաղաքի «Մուշ2» թաղամասէն ներս տեղի ունեցաւ բնակարանամուտի արարողութիւն։ Յիսուն ընտանիք պաշտօնապէս այս հանդիսութեան ընթացքին ստացաւ՝ իր նոր բնակարանի բանալին։ Ձեռնարկին ներկայ էր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, որ ի պաշտօնէ կը գլխաւորէ հիմնադրամը։ Բնակարանամուտին մասնակցեցաւ նաեւ գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան։

Հինգշաբթի, Յունիս 20, 2024