ԷՐՏՈՂԱՆ-ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԶՐՈՅՑ
Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը թէեւ երկար ատենէ ի վեր շօշափելի իրադարձութիւններու թատերաբեմը ըլլալէ դադրած է, սակայն, երկու հարեւաններուն միջեւ պարբերաբար տեղի կ՚ունենան ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումներ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պայրամի արձակուրդի օրերուն (յունիսի 18-ին) ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Հայաստանի պաշտօնական աղբիւրները այս հեռախօսազրոյցին կապակցութեամբ գրեթէ նոյնաբովանդակ մամլոյ հաղորդագրութիւններ հրապարակեցին։
Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, Փաշինեան իսլամական աշխարհի Քուրպանի տօնին առթիւ շնորհաւորեց Էրտողանը։ Այս վերջինն ալ մօտալուտ Վարդավառին առթիւ յղեց շնորհաւորութիւններ։ Բաց աստի, Էրտողան ցաւակցութիւն յայտնեց Փաշինեանին՝ Հայաստանի հիւսիսային շրջաններուն վերջերս տեղի ունեցած հեղեղներուն կապակցութեամբ։
Նախագահն ու վարչապետը ընդգծեցին իրենց քաղաքական կամքը՝ առանց որեւէ նախապայմանի Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման վերաբերեալ։ Այս համատեսքին մէջ անոնք ընդգծեցին երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպումներու շարունակականութեան կարեւորութիւնը եւ վերահաստատեցին ցարդ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները։
Էրտողան եւ Փաշինեան գոհունակութեամբ արձանագրեցին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու շարունակական երկխօսութիւնը։ Անոնք քննարկեցին նաեւ տարածաշրջանի եւ միջազգային օրակարգի վերջին իրադարձութիւնները։