ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ աւարտեց իր ուղեւորութիւնը՝ դէպի Արաբական ծոցի երկիրներ։ Այս այցելութեան վերջին կանգառը հանդիսացաւ Ապու Տապին, ուր Էրտողան հիւրընկալուեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ղեկավար Շէյխ Մուհամմէտ պին Զաիտ էլ Նահիանի կողմէ։ Նախագահ Էրտողան «Էլ Վաթան» պալատի համալիրէն ներս բարձր արարողակարգով ընդունուեցաւ հիւրընկալ ղեկավարին կողմէ։ Անոնք նախ ունեցան դռնփակ առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան եւ Էլ Նահիան բազմաբնոյթ համագործակցութեան հեռանկարները քննարկեցին եւ անոնց հիման վրայ արդէն կը նախատեսուի երկկողմանի կապերու զարգացումը։ Հարկ է նշել, որ ներկայիս Թուրքիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 50-ամեայ յոբելեանը կը նշուի եւ այս շրջանին կողմերը կը ձգտին ա՛լ աւելի զարգացնել իրենց համագործակցութիւնը։
Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Էրտողանի այցելութեան ընթացքին երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած են ծրագրեր, որոնց ընդհանուր արժէքը կը գերազանցէ 50 միլիառ ամերիկեան տոլարի սահմանը։