ՆԱԽԱՐԱՐ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՉԻ ԴԱՌՆԱՐ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆՑՄԱՆ ՄԻՋԱՎԱՅՐ»
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ իր երկիրը չի պատրաստուիր Ռուսաստանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու շրջանցման միջավայր դառնալու։
Վիեննա կատարած այցելութեան ընթացքին Արարատ Միրզոյեան պատասխանեց այս նիւթին վերաբերեալ հարցումի մը։ Երկար ժամանակէ ի վեր սոյն խնդրին շուրջ միջազգային բեմահարթակի վրայ քննադատութիւններ կը հասցէագրուին Երեւանին։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արարատ Միրզոյեան Վիեննայի մէջ դիտել տուաւ, որ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը, անշուշտ, թէ՛ դրական եւ թէ ժխտական առումով ազդած է նաեւ Հայաստանի տնտեսութեան վրայ։
«Բայց, քանի որ դուք կը խօսիք պատժամիջոցներու մասին, կ՚ուզեմ անգամ մը եւս հրապարակայնօրէն եւ բարձրաձայն հաւաստիացնել բոլոր անոնց, որոնք հետաքրքրուած են այս նիւթով։ Հայաստան չի պատրաստուիր պատժամիջոցներու շրջանցման միջավայր դառնալ։ Մենք շատ սերտօրէն եւ թափանցիկ կերպով կ՚աշխատինք ո՛չ միայն Եւրոմիութեան համապատասխան մարմիններուն, այլեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ բոլոր շահագրգիռ կողմերու հետ՝ վստահեցնելով, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը հաստատակամ է խուսափելու ստեղծելէ այնպիսի միջավայր, ուր կրնան շրջանցուիլ պատժամիջոցները։ Եթէ կան խնդիրներ, իսկ անոնք կ՚ենթադրեմ առկայ են ամէնուրեք, անոնք արագօրէն ի յայտ կը բերուին եւ պատշաճ լուծումներ կը գտնուին», յայտնեց նախարարը։