ՊՐԻՒՔՍԵԼԷՆ ՀՆՉԱԾ ՄԻՇԵԼԻ ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԳԱՄԱՆՔՆԵՐԸ

Պրիւքսելի եռակողմանի հանդիպումէն բխած Շարլ Միշելի յայտարարութիւնները, ինչպէս կ՚ակնկալուէր, բեկումնային կամ շրջադարձային նորութիւն մը չեն բերեր: Հանդիպումը կը ծառայէ բանակցային գործընթացի ղեկը Եւրոպական Միութեան ձեռքերուն մէջ պահելու ծրագիրի գործնականացման: Փաստօրէն, կը նշուի, որ կայ համաձայնութիւն աշնան երկու տարբեր հանդիպումներ եւս կազմակերպելու: Միշել վերահաստատած է իր մտադրութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները հրաւիրելու այս ամառուընէ ետք՝ Պրիւքսելի մէջ կայանալիք յաւելեալ հանդիպումին, ինչպէս նաեւ հերթական հնգակողմանի հանդիպումին՝ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ղեկավարներուն մասնակցութեամբ, Կրանատայի մէջ, Եւրոպական Քաղաքական համայնքի յաջորդ վեհաժողովի ծիրին մէջ: Հանդիպումներու եւրոպական ձեւաչափը պահպանելու առաջադրանքն է առաջնայինը՝ քան, ըստ էութեան, հանգուցալուծումը:

Երեւանի պաշտօնական հաղորդագրութիւնը այս առիթով համեմատաբար ընդգծեալ ձեւով ամփոփ է: Քննարկուած են Ատրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի ապօրինի փակման պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած խորացող մարդասիրական ճգնաժամին, երկու երկիրներուն միջեւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան ապահովման աշխատանքներուն, տարածաշրջանային հաղորդակցական ենթակառոյցներու ապաշրջափակման, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման համաձայնագիրին, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հասցէագրման, ինչպէս նաեւ գերիներու, կորսուածներու եւ այլ մարդասիրական խնդիրներու վերաբերեալ հարցեր: Ատրպէյճանի պաշտօնական լրահոսը յատուկ հաղորդագրութեան մը փոխարէն ամփոփ լրատուութիւններ շրջանառութեան մէջ դրած է: Այս պարագային ուշագրաւը «Քալիպր» կայքէջի հրապարակումներն են, որոնց տեղ տրուած է Պաքուի պաշտօնական լրահոսին մէջ: Իբրեւ թէ որոշ փակագիծեր բանալով՝ Պաքու կը խօսի Պրիւքսելի մէջ արծարծուած առանցքային հարցերու մասին: «Միջանցք»ի կամ «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի կամ «ատրպէյճանցի գաղթականներու» եւ «տարածաշրջանի բնիկ»ներու մասին դասական յանկերգներէն զատ, ուշագրաւ է յիշեալ կայքի կատարած հրապարակումին հետեւեալ կէտը. «Ղարաբաղի մէջ ազգութեամբ հայ բնակչութեամբ խիտ բնակեցուած շրջաններ մարդասիրական փոխադրումներու երթուղիի՝ Լաչինի ճանապարհի փոխարինումը Պարտա-Աղտամ ճանապարհով»:

Ահա այստեղ է Պրիւքսելի բերած նոր արծարծումը կամ Միշելի յայտարարութեան ամենէն խնդրայարոյց բաժինը: 4-րդ կէտը կը կրէ «Մարդասիրական խնդիրներ» խորագիրը, ուր Միշել կ՚արձանագրէ. «Ես ընդգծած եմ Լաչինի ճամբու բացման անհրաժեշտութիւնը: Ես նաեւ նշած եմ Աղտամի միջոցով մարդասիրական մատակարարումներ կատարելու Ատրպէյճանի պատրաստակամութիւնը: Ես երկու տարբերակներն ալ կարեւոր կը նկատեմ եւ կը խրախուսեմ մարդասիրական առաքումներ կատարելու երկու կողմերէն՝ բնակչութեան կարիքները ապահովելու համար: Ես ողջունած եմ նաեւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին կողմէ բժշկական տարհանումներու վերսկսումը»:

Արցախի ապաշրջափակումը զուտ մարդասիրական աղէտի յաղթահարման ուղղութեամբ պահանջելու մօտեցումները իրենց մէջ վտանգ կը ներառեն: Պաքուի մարտավարութիւնը՝ Բերձորի միջանցքը Աղտամի ճանապարհով փոխարինելու, լրիւ կը տեղաւորուի Ատրպէյճանի հետ Արցախի համարկումի օրակարգին շրջածիրին մէջ:

Միշել փաստօրէն հաւասար զուգահեռ գիծերու վրայ տեղադրած է Բերձորն ու Աղտամը, մէկ կողմէ հայկական եւ միջազգային պահանջ-որոշումը իրականացնելու, միւս կողմէ Ատրպէյճանի համարկումի օրակարգին սատարելու ուղղութիւններով: Այլ խօսքով՝ միջնորդութիւն խաղալու:

Արցախի ժողովուրդին Արցախէն ելքի եւ վերադարձի ազատ տեղաշարժը, ըստ համաձայնութեան, կ՚ապահովէր ռուսական կողմը: Հիմա Պաքու արգելափակած է այդ ելքը եւ կը խօսի նոր ելքի մասին: Պրիւքսել նշումի կարգով կ՚արծարծէ այդ կարելիութիւնը եւս:

Ռուսական գործառոյթներու փոխարինման այս գործողութիւններուն առընթեր է, որ կ՚արձանագրուին Մոսկուա-Անգարա եւ Մոսկուա-Պաքու սուր յայտարարութիւնները: Էրտողան կը յիշեցնէ ռուս խաղաղապահութեան ժամկէտի աւարտը եւ կը յուսայ, թէ Մոսկուա կը յարգէ համաձայնութիւնը եւ կը հեռանայ Արցախէն, իսկ Պաքուն կը մերժէ Մոսկուայի յայտարարութիւնը՝ Երեւանի միջոցաւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալու առումով:

Այս հանգամանքներուն նկատառումով կ՚ընկալուին Պրիւքսելի յայտարարութեան խնդրայարոյց բաժինները եւ անոնց հիման վրայ կը նախանշուին Եւրոպական Միութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունենալիք ապագայ հանդիպումներէն բխելիք յայտարարութիւնները:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Հինգշաբթի, Յուլիս 20, 2023