ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի հետ։ Կը հաղորդուի, որ զրուցակիցները քննարկեցին Երեւան-Մոսկուա տնտեսական համագործակցութեան օրակարգային հարցերն ու ընթացիկ ծրագրերը։ Անոնք անդրադարձան նաեւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան շրջանակներէն ներս համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերու։

Այս հեռախօսազրոյցէն առաջ ռուսական աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ Միշուսթինի կողմէ աւելի վաղ Սոչիի մէջ Փաշինեանին տրուած բոլոր խոստումները արդէն իրականացուած են։

Հինգշաբթի, Յուլիս 20, 2023