ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ԺԱՌԱՆԳՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նի մէջ այս օ­րե­րուն տե­ղի կ՚ու­նե­նայ «Միու­թիւն-2015. Յաղ­թա­նա­կի ժա­ռանգ­ներ-Հա­յաս­տան» մի­ջազ­գա­յին ե­րի­տա­սար­դա­կան մրցոյթ-հա­ւա­քը։ Ռազ­մա­մար­զա­կան այս հա­ւա­քը ձօ­նուած է Բ. Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տին տա­րուած յաղ­թա­նա­կի 70-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին։ Նախ­կին սո­վե­տա­կան պե­տու­թիւն­նե­րու ռազ­մա­կան ու­սում­նա­րան­նե­րու սա­նե­րը կը մաս­նակ­ցին այս հա­ւա­քին, ո­րու նպա­տակն է ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն մի­ջեւ սեր­մա­նել հայ­րե­նա­սի­րու­թիւն, ըն­կե­րա­սի­րու­թիւն եւ բա­րե­կա­մու­թիւն։

«Յաղ­թա­նա­կի ժա­ռանգ­նե­րը» ե­րէկ այ­ցե­լե­ցին Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լի­րը, ուր թո­ղու­ցին ծա­ղիկ­ներ եւ կա­տա­րե­ցին ծա­ռա­տունկ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 20, 2015