«ՄԻՇՏ ԾԼԱՐՁԱԿՈՂ»

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ ֆրանսահայ յայտնի մտաւորական Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան հրատարակած է նոր գիրք մը, որ կը կոչուի՝ «Միշտ ծլարձակող»։ Երեւանի «Էտիթ Փրինթ» հրատարակչութեան կողմէ տպագրուած է այս գիրքը, որ կը բովանդակէ հեղինակի շարք մը բանաստեղծութիւնները։ Յառաջաբանը գրի առնուած է Սուրէն Դանիէլեանի կողմէ՝ «Պատկերներ սփիւռ-քեան բանաստեղծութեան տեսլական ճանապարհից» խորագրով։

Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեանի բանաստեղծութիւնները գիրքին մէջ դասաւորուած են չորս գլուխներու տակ՝ հետեւեալ անուանումներով. «Բառն եմ ես Մեսրոպեան», «Միշտ յառաջ», «Յիշողութեան կաթիլներէն», «Տեսիլք»։

Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան Էսաեան վարժարանի շրջանաւարտուհիներէն է։ Փարիզ հաստատուելէ վերջ տեղւոյն Էսաեան սանուց միութեան հիմնադիր-նախագահը եղած է 1970 թուականին։ Եղած է հայերէնի ուսուցչուհի եւ տնօրէնուհի։ Ան ծանօթ է՝ որպէս արեւմտահայերէնի եւ դասական ուղղագրութեան պաշտպան եւ համապատասխան աշխատանքը յառաջ կը տանի Փարիզի ՄԱՇՏՈՑ Հայ լեզուի պաշտպանութեան միութեան միջոցաւ, որու հիմնադիր-նախագահն է։

Նոր գիրքի հրատարակութեան առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեանը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 20, 2020