ՔՈՒԷՅԹԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՌԱՆԻ ԹԱՇՃԵԱՆԻՆ ՅԱՆՁՆՈՒԵՑԱՒ «Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ՏԱՐԵԿԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԸ

Սփիւռքահայ վարժարաններն ու անոնց շրջանաւարտները խրախուսելու ճանապարհին վերջին շրջանին ձեւաւորուած շատ դրական ու ողջունելի նախընթացի մը վերածուած է «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» տարեկան մրցանակը, որ հաստատուած է՝ քուէյթահայ գործարար, հասարակական գործիչ ու բարերար Կիրակոս Գույումճեանի նախաձեռնութեամբ։ Քուէյթի Ազգային վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ այս տարեկան մրցանակի յանձնման արարողութիւնը։ Այսպէս, 2021-2022 տարեշրջանին պաքալորէայի պետական քննութեանց մէջ հարիւր տոկոս յաջողութեան հասնելով առաջին դիրքը գրաւած Ռանի Թաշճեան դարձաւ այս տարուան դափնեկիրը: Հանդիսաւոր հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան՝ Քուէյթի եւ շրջակայից հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեան, Կիրակոս Գույումճեան եւ կողակիցը, տեղւոյն ազգային վարչութեան ներկայացուցիչները, Քուէյթի Ազգային վարժարանի տնօրէնն ու հոգաբարձութեան ներկակացուցիչները, ինչպէս նաեւ կրթական մշակներ, ծնողներ եւ աշակերտներ: Սոյն մրցանակը, որ 2017-ին պաշտօնապէս կանոնագրուած է, նախաձեռնութիւնն է Կիրակոս Գույումճեանին (1000 քուէյթեան տինար) եւ անիկա կը յանձնուի Քուէյթի Ազգային վարժարանի պաքալորէայի բարձրագոյն նիշ ապահոված հայ աշակերտին: Նոյն մրցանակը նաեւ կը գործէ Հալէպի մէջ: Անոր նպատակն է քաջալերել հայ աշակերտը, որպէսզի ան ձգտի գերազանցութեան եւ նուաճէ ուսումնական լուսաշող հորիզոններ:

Այս տարուան պարգեւատրման հաւաքոյթին առիթով արտայայտուեցան՝ վարժարանի տնօրէն տքթ. Ներսէս Սարգիսեան, Կիրակոս Գույումճեան եւ Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեան, որոնք վեր առին գերազանցութեան կարեւոր երեւոյթը եւ Ռանիին մաղթեցին յարատեւ վերելք: Աւարտին օրուան մրցանակակիր Ռանին յայտնեց իր ջերմագին շնորհակալութիւններն ու երախտիքը՝ սիրելի վարժարանին ու յարգարժան բարերարին:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2022