ՎԱՂՈՒԱՆ ՀԱՄԵՐԳԸ ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ

Արցախի եւ Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակով պայմանաւորուած՝ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութիւնը որոշած է յետաձգել՝ աշխարհահռչակ երաժիշտ Արամ Խաչատուրեանի 120-ամեակին ձօնուած հանդիսաւոր համերգը, որ վաղը երեկոյեան տեղի պիտի ունենար Հարպիյէի «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» համերգասրահին մէջ։ Այս պայմաններուն ներքեւ Երեւանէն «Խաչատուրեան» եռեակն ալ քաղաքս չժամանեց։ Արուեստագէտները այս առաւօտ, Երեւան-Իսթանպուլ ուղիղ թռիչքով քաղաքս պիտի ժամանէին, սակայն, համերգի յետաձգման պատճառով անոնք արդէն չճամբորդեցին։

Ներկայացուցչութիւնը որոշած է իրականացնել յոբելենական ծրագրին միայն պաշտօնական մասը, որ Արամ Խաչատուրեանի վերաբերեալ փանել մըն էր, զուգահեռ կարճ ունկնդրութիւնով մը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2023