ԵՐԳԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑՈՅԹ

Երեւանի «Շարլ Ազնաւուր» մշակոյթի եւ արուեստի պետական քոլէճի շրջանաւարտներէն Դաւիթ Կիրակոսեան «Ալմաթին իմ սրտին մէջ-2023» (Almatym Juregimde-2023) երիտասարդ կատարողներու կառավարական ամենամեայ երգի միջազգային մրցոյթի մրցանակին արժանացած է:

Մրցոյթը տեղի ունեցած է Ղազախիստանի Ալմաթի քաղաքին մէջ: Մրցոյթին մասնակցած է աշխարհի 11 երկրէն 14 երիտասարդ կատարող, որոնցմէ երեքը՝ Ղազախիստանէն է։

Մրցոյթի առաջին օրը Դաւիթ Կիրակոսեան կատարած է Արթուր Գրիգորեանի «Կեանք ու կռիւ» ստեղծագործութիւնը, իսկ երկրորդ օրը՝ ժողովրդական յայտնի «Տայտիտաու» ստեղծագործութիւնը՝ Ղազախիստանի ազգային սիմֆոնիք նուագախումբի նուագակցութեամբ։

Մրցոյթի երկու օրերուն Դաւիթ Կիրակոսեան արժանացած է դատակազմի բացարձակ առաւելագոյն միաւորներուն (դատակազմի 7 անդամներու կողմէ՝ առաւելագոյն 11 միաւոր)։ Արդիւնքին, Հայաստանի մասնակիցը Սպիտակ Ռուսիոյ ներկայացուցիչին հետ ստացած է հաւասար միաւոր։ Մրցոյթի կանոններու համաձայն՝ մասնակիցներու հաւասար միաւորներու պարագային դատակազմի նախագահը ունի մէկ միաւորի իրաւունք։ Այս անգամ դատակազմի նախագահը որոշիչ մէկ միաւորը տուած է Սպիտակ Ռուսիոյ ներկայացուցիչին՝ արժանացնելով զինք Կրան փրի մրցանակի, իսկ Հայաստանի պատուիրակ Դաւիթ Կիրակոսեան ստացած է մրցոյթի առաջին մրցանակը։

2022 թուականի մրցոյթին Հայաստանը ներկայացուցած էր երգչուհի Սիւզաննա Մելքոնեան եւ արժանացած՝ առաջին մրցանակի:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 20, 2023