ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՓԱՌԱՏՕՆ
Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենայ «ՌէԱնիմանիա» անիմասիոն ժապաւէններու եւ պատկերապատման արուեստի միջազգային փառատօնը։ Այսպէս, Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ, հոկտեմբերի 22-28 թուականներու միջեւ տեղի կ՚ունենայ «ՌէԱնիմանիա» Երեւանի միջազգային անիմասիոն ժապաւէններու փառատօնը։ Փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի կ՚ունենայ հոկտեմբերի 22-ին, նաեւ կ՚իրականացուին մրցութային ծրագրեր: «Ռետրոսպեկտիւ» հայկական անիմասիոն ժապաւէններու ցուցադրութիւնները տեղի կ՚ունենան ԹՈՒՄՕ ստեղծարար թեքնոլոժիներու կեդրոնին մէջ։
Այս տարի իր հիմնադրման 15-ամեակը կը նշէ «ՌէԱնիմանիա» փառատօնը, որ ձօնուած է հայկական անիմասիոնի 85 եւ հայ շարժանկարի 100-ամեակներուն:
2009 թուականէն ի վեր իրականացուող «ՌէԱնիմանիա» փառատօնը սկիզբ դրած է Հայաստանի մէջ անիմասիոն շարժանկարային արուեստի զարգացման։ Փառատօնը հիմնադրած է երգիծանկարիչ, գեղանկարիչ Վրէժ Քասունին: Որպէս Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի ամենամեծ անիմասիոն իրադարձութիւն՝ «ՌէԱնիմանիա» փառատօնի ընթացքին կը ցուցադրուին աւելի քան 400 ժապաւէն եւ կը ներգրաւէ շուրջ 10 հազար հանդիսատես, հիւրեր եւ մասնակիցներ ամբողջ աշխարհէն: Այս ցուցանիշը ամէն տարի կը շարունակէ բազմանալ:
Փառատօնի նպատակն է նպաստել հայկական անիմասիոնի զարգացման ու տարածման, ինչպէս նաեւ հայ մասնագէտներու համար փորձառութեան փոխանակման, միջազգային կապեր ձեռք բերելու եւ սեփական նախագիծերը կեանքի կոչելու հնարաւորութիւններու հարթակի ստեղծման։
Փառատօնը այս ուղղութեամբ առաջին քայլերը կատարած է տակաւին 2010 թուականին՝ ստեղծելով «MarAni» անիմասիոն շուկայի հարթակը։ Որոշ դադարէ մը յետոյ, «ՌէԱնիմանիա» 15-րդ յոբելենական փառատօնին կից դարձեալ կը գործարկուի «MarAni» հարթակը՝ կատարելագործուած եւ նոր ձեւաչափով։
«MarAni» հարթակի շրջանակէն ներս հոկտեմբերի 27-ին եւ 28-ին ԹՈՒՄՕ կեդրոնին մէջ տեղի կ՚ունենան վարպետաց դասեր, աշխատարաններ, ասուլիսներ՝ միջազգային լաւագոյն մասնագէտներու մասնակցութեամբ. կը խօսուի տեսողական էֆեքթներու, AI, VR կիրառման, անիմասիոնի մէջ դերասանական հմտութիւններու մասին։ Հարթակը կը հիւրընկալելէ «Disney»էն «Սարդ մարդը» ժապաւէնին համար աշխատած արհեստավարժներ եւ այլ աշխարհահռչակ դէմքեր։ Զուգահեռ կը գործէ համարտադրութեան (coproduction) հարթակը, ուր հայ անիմաթէօրները միջազգային համարտադրողներուն կը ներկայացնեն իրենց նախագիծերը: Կը քննարկուին համագործակցութեան հաւանական ուղիները, որով հիմք կը դրուին համատեղ արտադրութիւններու կազմակերպման ու իրականացման: