ՃԱՆԱՊԱՐՀԱՅԻՆ ՔԱՐՏԷՍ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Եւրոպական միութեան միջնորդութեամբ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ ճանապարհային քարտէս մը ձեւաւորուած է՝ խաղաղութեան եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար։

Երէկ, Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Լիթվայի վարչապետ Ինկրիտա Շիմոնիթէն, որու հետ սարքեց համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման։ Վարչապետը ընդգծեց, որ Պրիւքսելի մէջ, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ իր հանդիպումներու ընթացքին ձեւաւորուած է ճանապարհային քարտէս մը՝ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան ու յարաբերութիւններու կարգաւորման համար։ Այդ քարտէսը արտայայտուած է նաեւ Կրանատայի մէջ վերջերս ընդունուած քառակողմանի յայտարարութեան մէջ. յայտարարութիւն, որու հրապարակուած հնգակողմանի հանդիպման մասնակցելէ վերջին պահուն հրաժարած էր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։ «Այդ ճանապարհային քարտէսին նկատմամբ կողմերու հաւատարմութիւնը ճեղքում կ՚ապահովէ խաղաղութեան գործընթացին մէջ։ Հայաստան ինչպէս հաստատած է, այնպէս ալ կը վերահաստատէ այդ սկզբունքներուն նկատմամբ իր հաւատարմութիւնը», նշեց Նիկոլ Փաշինեան։

Իր կարգին, հիւր վարչապետն ալ նշեց, որ Լիթվա մտադիր է աջակցելու Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու խորացման, կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ, նաեւ բարձր կը գնահատէ հայկական կողմի յանձնառութիւնը՝ խաղաղութեան գործընթացին։

Միւս կողմէ, մինչ մինչեւ ամսավերջ Պրիւքսելի մէջ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ նախատեսուած է Փաշինեան-Ալիեւ նոր հանդիպում մը, «Թրենտ» գործակալութիւնն ալ տեղեկացուց, որ յառաջիկային «3+3» ձեւաչափով, արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպում մը նախատեսուած է Իրանի մէջ։ Թեհրանի ղեկավարութիւնը վերջին շրջանին յաճախ կը բարձրաձայնէ, որ Կովկասի գործընթացները կրնան կարգաւորուիլ տարածաշրջանի տեղական դերակատարներու եւ հարեւաններու մասնակցութեամբ եւ «3+3» ձեւաչափը կը համարուի տարածաշրջանային խնդիրներու լուծման արդիւնաւէտ դրութիւն մը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 20, 2023