ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ՎԵԹՕ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեց, որ Իսրայէլի եւ Ուքրայնայի յաղթանակը կենսական նշանակութիւն ունի երկրի ազգային անվտանգութեան համար։

Նախագահ Ճօ Պայտըն, որ զօրակցութեան այցելութիւն մը տուաւ Իսրայէլ, ամերիկացիներուն յղեց կարեւոր պատգամ մը։ Իր խօսքով՝ ԱՄՆ չի պատրաստուիր դադրեցնել Ուքրայնային օգնութեան տրամադրումը։ Ան յստակ ըսաւ, որ ԱՄՆ չի փափաքիր կռուիլ Ռուսաստանի մէջ կամ անոր դէմ։ Յամենայնդէպս, երկրի անվտանգութեան տեսակէտէ կենսական նշանակութիւն ունի Իսրայէլի եւ Ուքրայնայի յաղթանակը։

«Գիտեմ՝ այս հակամարտութիւններէ հեռու կը թուի եւ կը հնչէ բնական հարց մը, թէ անոնք ի՞նչ կը նշանակեն Ամերիկայի համար։ Այսպէսով, թոյլ տուէք ձեզի ըսել, թէ ինչո՞ւ Ամերիկայի ազգային անվտանգութեան համար կենսական է վստահ ըլլալ, թէ Իսրայէլ եւ Ուքրայնա յաջողութեան կը հասնին։ Գիտէք, պատմութիւնը մեզի սորվեցուցած է, որ երբ ահաբեկիչները գին չեն վճարեր իրենց ահաբեկչութեան համար, երբ բռնապետները գին չեն վճարեր իրենց բռնութեան համար, անոնք աւելի շատ քաոս, մահ ու աւելի շատ աւերներ կը յառաջացնեն։ Անոնք կը շարունակեն յառաջ երթալ եւ ԱՄՆ-ի ու աշխարհի համար ծախսերն ու սպառնալիքները աճիլ։ Այսպէսով, եթէ մենք չկանգնեցնենք Փութինի ախորժակը իշխանութեան եւ Ուքրայնայի մէջ վերահսկողութեան համար, ապա ան չի սահմանափակուիր միայն Ուքրայնայով», ըսաւ Պայտըն ու պնդեց, որ սպառնալիքի ներքեւ են նաեւ Լեհաստանն ու Պալթեան երկիրները։

Միւս կողմէ, Իսրայէլ-Պաղեստին պատերազմը ընթացքի մէջ է ամենայն ողբերգութեամբ։ Կազզէի արիւնալի իրադարձութիւնները կը մնան համաշխարհային օրակարգի կիզակէտին։ Երէկ, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը քննարկեց ստեղծուած իրավիճակը։ Նախագիծ մը օրակարգի վրայ էր, որպէսզի ժամանակաւոր հրադադարի կոչ ուղղուի՝ դէպի Կազզէ մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու նպատակով։ Այդ բանաձեւը վեթոյի ենթարկուեցաւ ԱՄՆ-ի կողմէ։ Մինչ քաոսը կը խորանայ, Իրանի ոճն ալ հետզհետէ կը խստանայ, ինչ որ յաւելեալ մտահոգութիւն մըն է։ Շահագրգիռ երկիրներէն հետզհետէ կը բարձրաձայնուին մեկնաբանութիւններ, ըստ որոնց տարածաշրջանի պարագային ԱՄՆ-ի բարոյական գերակայութիւնը կը նուազի։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 20, 2023