ՏՈՔԵՐԹԻ ԵՐԵՒԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Անգլիոյ Եւրոպայի հարցերով նախարար Լէօ Տոքերթի այսօր տարածաշրջանային այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Հարաւային Կովկաս։ Ուղեւորութեան առաջին կանգառը կը հանդիսանայ Երեւան, ուր ան կը հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Տակաւին անցեալ շաբաթ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան պաշտօնական այցելութիւն մը տուած էր Լոնտոն։ Երկու երկիրներուն միջեւ սկիզբ առած էր ռազմավարական երկխօսութիւն։

Լէօ Տոքերթի Հայաստանէն վերջ կ՚այցելէ նաեւ Վրաստան եւ Ատրպէյճան։ Իր ուղեւորութեան նպատակներէն մին է հաստատուն աջակցութիւն արտայայտել՝ Հարաւային Կովկասի երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ անվտանգութեան համար։ Ան կ՚ընդգծէ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան ուղիղ խաղաղ բանակցութիւններու հրատապ անհրաժեշտութիւնը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2023