ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԲՆԱԳԱՒԱՌՆԵՐ

Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտի երէկ հանդիպում մը ունեցան Ռիոյի մէջ, ուր մասնակցեցան՝ Պրազիլիոյ տանտիրութեամբ կազմակերպուած Մեծն քսանեակի (G20) գագաթաժողովին։ Ֆրանսա եւ Հնդկաստան այս շրջանին կը ձգտին յարաբերութիւնները զարգացնել շարք մը ռազմավարական բնագաւառներէ ներս։ Փարիզ-Նիւ Տելհի առանցքին վրայ որոնումներ կան՝ կապերը զարգացնելու համար պաշտպանութեան, տիեզերքի եւ ուժանիւթի բնագաւառներէ ներս։ Կը հաղորդուի, որ Մաքրոնի եւ Մոտիի կարծիքի փոխանակումներն ալ ընթացան այս առանցքներուն շուրջ։ Անոնք բարձր գնահատեցին երկկողմանի համագործակցութեան յառաջընթացը՝ մանաւանդ ռազմավարական նշանակութեամբ բնագաւառներէ ներս։ Մաքրոն եւ Մոտի կանգ առին նաեւ առեւտրական, ներդրումային եւ թեքնոլոժիք կապերու ամրապնդման վրայ՝ ներառեալ թուային թեքնոլոժիներն ու արհեստական բանականութիւնը։ Նախագահն ու վարչապետը կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ տարածաշրջանային ու միջազգային բնոյթով խնդիրներու շուրջ։

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին կը պատրաստուի այցելել Հնդկաստան։ Մոսկուա-Նիւ Տելհի առանցքին վրայ նախապատրաստական աշխատանքները սկսած են այս ուղղութեամբ։ Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ այցելութիւնը շուտով տեղի կ՚ունենայ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2024