ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԿՈՂՄԷ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄ
Գերմանիոյ Սահմանադրական դաշնակցային ատեանը մերժեց Պունտեստակի կողմէ անցեալ Յունիսին ընդունուած «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւ»ին դէմ բողոքները։ Ըստ Պերլինէ հասած լուրերուն, Գերմանիոյ բարձրագոյն դատական ատեանին մօտ առնուազն ութ բողոքներ ներկայացուած էին այս հարցին շուրջ։ AP գործակալութեան հաղորդումներով, դատաւորները ընդգծած են, որ բողոքողները չեն կրցած համոզիչ փաստեր ներկայացնել, թէ յիշեալ բանաձեւին վաւերացման հետեւանքով իրենց տարրական իրաւունքները խախտուած են, արդարեւ նման խախտում մը ակներեւ չէ։
Ինչպէս ծանօթ է, շուրջ հինգ տարի առաջ Ֆրանսայի մէջ ընդունուած հայկական բանաձեւը մերժուած էր երկրի Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ, հետեւաբար Գերմանիոյ պարագային ալ կը սպասուէր Բարձրագոյն դատարանի որոշման։