ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ
Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի յայտարարեց, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յստակ արդիւնքներ ապահովուած են՝ շնորհիւ Թիֆլիզի խաղաղութեան նախաձեռնութեան։ Վրաստանի կառավարութեան 2023 թուականի գործունէութիւնը ամփոփելու ժամանակ Իրակլի Ղարիպաշվիլի շեշտեց, որ տարածաշրջանէն ներս Վրաստան սերտ բարեկամական յարաբերութիւններ ունի Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հետ։ Իր խօսքով՝ Թիֆլիզի խաղաղութեան նախաձեռնութիւնը սկսած է երկու տարի առաջ։ Վրաստան միջնորդի կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է եւ Հայաստան-Ատրպէյճան առանցքին վրայ իր նախաձեռնութիւնը յստակ արդիւնքներ ապահոված է։
«Մենք, ի հարկէ, շահագրգռուած ենք տարածաշրջանէն ներս երկարաժամկէտ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման։ Այս նպատակին հասնելու գործին մէջ Վրաստան զգալի ներդրում ունի։ Մենք բացառիկ հնարաւորութիւն ունեցանք հանդիպում իրականացնելու բոլոր երեք երկիրներու ղեկավարներուն հետ», ըսաւ Ղարիպաշվիլի՝ յիշեցնելով Վրաստանի սերտ յարաբերութիւններն ու բարձր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւնները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ։ Ան շեշտեց, որ բարձր մակարդակի վրայ է նաեւ իր երկրի ռազմավարական գործընկերութիւնն ու համագործակցութիւնը Թուրքիոյ հետ։
Իրակլի Ղարիպաշվիլի ելոյթին մէջ շեշտեց, որ Ռուսաստանի ներկայութեան պատճառով Վրաստան հրաժարած է «3+3» ձեւաչափով հարթակի հանդիպումներուն մասնակցելէ։ Թիֆլիզ անցեալ տարիներուն փորձած է հիւրընկալել այն հարեւանները, որոնք կը հակամարտին։