ԿԻԶԱԿԷՏԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐ
Երէկ, Երեւանի մէջ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը ժողով մը գումարեց՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ժողովականները քննարկեցին Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերը։ Օրակարգի վրայ եկան երկրի անվտանգութեան վերաբերեալ այլ հարցեր, ինչպէս նաեւ Հայաստանի զինեալ ուժերու միասնական կառավարման ինքնագործ համակարգի մանրամասնութիւնները։ Խորհուրդը քննարկեց նաեւ երկրի պարէնային անվտանգութեան ապահովման վերաբերեալ խնդիրներ։ Զեկուցումներով հանդէս եկան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան, ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Էտուարտ Ասրեան, տնտեսութեան նախարար Վահան Քերովբեան եւ այլ պաշտօնատարներ։
Բացի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներէն, նիստին մասնակցեցան նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան եւ կարգ մը խորհրդարանականներ։