ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԽԱՂԱՂԱՊԱՀ ԶՕՐԱԽՈՒՄԲԸ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂ ՈՒՂԱՐԿՈՒԱԾ ԷՐ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ։ Ո՞ՒՐ Է ՀԻՄԱ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆԸ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման բանակցային գործընթացին մէջ երբեւէ չէ եղած տարբերակ մը, որով առաջարկուած է խնդրի լուծումը։

Երէկ երեկոյեան, Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութենէն սփռուեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հարցազրոյց մը, որու ընթացքին ան անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն, Հայաստան-Ռուսաստան առկայ տարաձայնութիւններուն եւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին։ Յայտնի հեռուստահաղորդավար Պետրոս Ղազարեան վարեց վարչապետին հետ հարցազրոյցը։ Այս առթիւ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի հետ բանակցային գործընթացին մէջ կայ որոշ շարունակականութիւն։ Երեւան-Պաքու առանցքին վրայ շփումները չեն ընդհատուիր՝ որքան որ ալ ատեն-ատեն դառնան միայն հեռավար։ Պաքու վերջին շրջանին Երեւանը մեղադրած էր՝ խաղաղութեան ենթադրեալ համաձայնագրի նախագծին վերաբերեալ առաջարկներուն ուշ պատասխանած ըլլալուն համար։ Պատասխանելով այս մեղադրանքին, Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Մեր բանակցային ծրարը ձգձգուած է, որովհետեւ Ատրպէյճան իրերայաջորդ չորս հանդիպման մասնակցելէ հրաժարած է»։

Երէկուան հարցազրոյցին մէջ Նիկոլ Փաշինեան պատասխանեց նաեւ Մոսկուայէն հնչած քննադատութիւններուն, ըստ որոնց 9 նոյեմբեր 2020 թուականի հրադադարի եռակողմանի յայտարարութեան համաձայնութիւնները մեծաւ մասամբ Երեւանի պատճառով չեն կատարուած։ Վարչապետին արձագանգը եղաւ հետեւեալը. «Այսինքն նոյեմբերի 9-ի եռակողմանի յայտարարութեան մէջ գրուած էր, որ Ատրպէյճան պէտք է Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան վրայ յարձակի, իսկ այդ ընթացքին ռուս խաղաղապահները պէտք է թաքստոցներո՞ւ մէջ մնան»։

Փաշինեան համոզուած է, թէ մինչեւ հրադադարի համաձայնութեան 9-րդ կէտին հասնիլը, պահ մը կարելի է այդ 9-րդ կէտը մէկ կողմ դնել ու կարդալ նախորդ 8 կէտերը։ Այդ ատեն հասկնալի պիտի դառնայ, թէ ո՛վ, ի՛նչ պարտաւորութիւն չէ կատարած։ «Ռուսաստանի Դաշնակցութեան խաղաղապահ զօրախումբը Լեռնային Ղարաբաղ գործուղուած է Ռուսաստանի Դաշնակցային խորհուրդի որոշման հիման վրայ։ Ըստ այդ որոշման, Ռուսաստանի Դաշնակցութեան խաղաղապահ զօրախումբը այնտեղ է քաղաքացիական բնակչութիւնը պաշտպանելու համար։ Ո՞ւր է հիմա Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիական բնակչութիւնը», ըսաւ վարչապետը եւ աւելցուց, որ իրադարձութիւնները ջրած են նոյեմբերի 9-ի հրադադարի եռակողմանի յայտարարութիւնը։

Փաշինեան հերքեց նաեւ Ռուսաստանէն հնչած պնդումները, ըստ որոնց երբ կը հասնի ապաշրջափակման վերաբերեալ փաստաթուղթի ստորագրման փուլը, ապա Երեւան կը խուսանաւէ։ Վարչապետը յստակօրէն շեշտեց, որ նման բան գոյութիւն չունի։ «Առնուազն երեք անգամ եղած է փաստաթուղթ եւ Հայաստան նոյն պահուն ստորագրելու պատրաստակամ եղած է։ Այդ փաստաթուղթի տրամաբանութիւնը, ըստ էութեան, եղած է այն, ինչ մենք այսօր «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին մէջ կ՚արձանագրենք։ Սա է պատճառը, որ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը հրապարակայնացուցած ենք։ Իրադարձութիւնները ջրած են նոյեմբերի 9-ի եռակողմանի յայտարարութիւնը։ Մենք չենք ջրած, մեր ստորագրութիւնը այնտեղ կայ, բայց հիմա եռակողմանի յայտարարութիւնը ոեւէ մէկը կարդացա՞ծ է, այնտեղ գրուած որեւէ բան այսօր կա՞յ, իրականութեան մէջ։ Եթէ մեզի հարց կու տան 9-րդ կէտին մասին, ապա մենք անոր հետ որեւէ խնդիր չունինք։ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը ճշգրիտ կ՚արտայայտէ նոյեմբերի 9-ի եռակողմանի յայտարարութեան 9-րդ կէտը», շարունակեց վարչապետը եւ աւելցուց, որ հարկաւոր է կարդալ այդ յայտարարութիւնը ու տեսնել, թէ անոր վերաբերեալ տարածքին մէջ ի՛նչ կը կատարուի։

Հարցումի մը պատասխանելով Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ Հայաստանի միջոցներու առիւծի բաժինը ցարդ ծախսուած է Լեռնային Ղարաբաղի վրայ։ «Ես Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետն եմ ու մեզ պէտք է առաջնորդեն Հայաստանի Հանրապետութեան շահերը։ Մենք բոլորս՝ ինձմէ սկսած, նախորդներով վերջացած, Հայաստանի Հանրապետութեան միջոցներուն առիւծի բաժինը դրած ենք Լեռնային Ղարաբաղի հարցին վրայ։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը արտաքին քաղաքականութիւն չէ ունեցած, ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքականութիւն։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը անվտանգութեան օրակարգ չէ ունեցած, ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան օրակարգ։ Հաշուի չենք առած, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ստեղծումը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի 1993 թուականի բանաձեւերով, Լիզպոնի, Իսթանպուլի գագաթաժողովներով, Մատրիտեան սկզբունքներով անհնար էր։ Մենք մեր միջոցները ծախսած ենք խնդրի մը վրայ, որու լուծումը ի սկզբանէ ամբողջ միջազգային հանրութիւնը կանխարգիլած էր», ընդգծեց Նիկոլ Փաշինեան։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ վարչապետը դիտել տուաւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութեան նպատակը դարձուած էր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ստեղծումը։ Այսինքն, Լեռնային Ղարաբաղի վերջին իրադարձութիւններուն զուգահեռ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վերացումն ալ խնդրոյ առարկայ էր, սակայն, վարչապետին խօսքով՝ այդ բանը կանխուեցաւ։ Փաշինեան յայտնեց նաեւ, թէ ներկայիս ի՛նչ կ՚ուզէ Հայաստանը։ «Մենք կ՚ուզենք Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը, անկախութիւնը, պետականութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը», շեշտեց ան։ 

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2023