ԻՐԵՐԱՅԱՋՈՐԴ ԺՈՂՈՎՆԵՐ
Հայաստանի եւ եւրոպական կառոյցներուն միջեւ այս շրջանին աննախընթացօրէն խտացած շփումներու շրջան մը կ՚ապրուի։ Երեւանի եւ Պրիւքսէլի միջեւ կը փոխանակուին իրերայաջորդ այցելութիւններ, որոնք տեղի կ՚ունենան Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն համար նոր որոնումներու ձեռնարկուած ներկայ ժամանակաշրջանին։ Այս մթնոլորտին մէջ, երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովին 15-րդ նիստը։ Ժողովի մասնակիցները ընդունուեցան նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան ողջունեց հիւրերը եւ յանձնաժողովի նիստին Երեւանի մէջ կազմակերպումը լաւ առիթ մը համարեց անկեղծ երկխօսութեան համար։ Սերժ Սարգսեան առիթը գնահատեց նաեւ անկաշկանդ կարծիքի փոխանակումներ կատարելու տեսանկիւնէն այն հարցերուն շուրջ, որոնք հասարակութիւններուն մօտ առարկայ են փոխադարձ հետաքրքրութեան։ Ան միեւնոյն ժամանակ յոյս յայտնեց, որ նստաշրջանի աւարտին ընդունուելիք որոշումները պիտի նպաստեն Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ համագործակցութեան խորացման։ Սարգսեան դրուատիքով արտայայտուեցաւ նաեւ յանձնաժողովի կողմէ ընդունուած եզրափակիչ յայտարարութեան շուրջ, որ կը վերաբերի ներկայ տարուան զուգադիպած 100-ամեայ տարելիցին։ Այս առթիւ ան ընդգծեց, որ այս փաստաթուղթը ներկայ ամսուան տեւողութեան եւրոպական կառոյցներուն կողմէ ընդունուած թիւով չորրորդ կարեւոր պատգամը կը հանդիսանայ ուղղեալ Թուրքիոյ։
Միեւնոյն ժամանակ Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ եւրոպական խորհրդարաններուն կողմէ որդեգրուած անկողմնակալ վերաբերմունքին առընչութեամբ։
Հայաստան-Եւրոմիութիւն Խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովի անդամները, իրենց հերթին, ընթացիկ շաբաթը բաւական օգտակար նկատեցին Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան օրակարգը հանգամանօրէն քննարկելու, ընդհանուր արժէքներու վրայ հիմնուած յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարին անդրադառնալու տեսանկիւնէն։
Հիւրերուն հետ զրուցելու ժամանակ Սերժ Սարգսեան պատասխանեց նաեւ Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան, տարածքաշրջանի կայունութեան ու անվտանգութեան, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացին եւ շարք մը այլ նիւթերու վերաբերեալ հիւր խորհրդարանականներու հարցումներուն։
Հիւր խորհրդարանականները երէկ ընդունուեցան նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ։ Այս առթիւ Նալպանտեան նշեց, թէ Հայաստանի Ազգային ժողովին եւ Եւրոխորհրդարանին միջեւ առկայ աշխոյժ համագործակցութիւնը ունի իր ուրոյն տեղը Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն մէջ։ Կարծիքներ փոխանակուեցան յարաբերութիւններու ապագայ իրաւական հիմքին շուրջ։ Նալպանտեան անդրադարձաւ նաեւ տարածքաշրջանային խնդիրներու եւ անոնց կարգաւորման ուղիներուն վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումներուն։
Հայաստան-Եւրոմիութիւն Խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովի նիստերը որպէս համանախագահ գլխաւորեցին Սաճատ Քարիմ եւ Սամուէլ Ֆարմանեան։ Նստաշրջանի եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ, թէ յանձնաժողովը Եւրոմիութենէն աշխոյժ քայլեր կ՚ակնկալէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ։ Յանձնաժողովը լիայոյս է, որ անցեալի ժառանգութեան յաղթահարումով կրնան կարգաւորուիլ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները։ Յանձնաժողովը միեւնոյն ժամանակ ողջունած է Հայաստանի եւ ԵՄ-ի յանձնառութիւնը՝ աւելի զարգացնելու եւ ուժեղացնելու համար համագործակցութիւնը այն բոլոր ոլորտներէն ներս, որոնք փոխադարձ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն։
Սամուէլ Ֆարմանեան նստաշրջանի աշխատանքներուն ծիրէն ներս շեշտած է, որ Եւրոմիութեան հետ համագործակցութեան խորացումը եւ ընդլայնումը մաս կը կազմեն Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն։