ՔԻԵՒԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Քիեւ, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Ուք­րայ­նոյ Նա­խա­գահ Փեթ­րօ Փո­րո­շեն­քո­յի կող­մէ։ Նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տին մէջ Էր­տո­ղան եւ Փո­րո­շեն­քօ նախ ու­նե­ցան ա­ռանձ­նազ­րոյց մը, ո­րուն յա­ջոր­դեց պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րուն բա­նակ­ցու­թիւ­նը։ Քիե­ւի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ Թուր­քիոյ եւ Ուք­րայ­նոյ մի­ջեւ Բարձր մա­կար­դա­կով հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խոր­հուր­դին չոր­րորդ ժո­ղո­վը։ Ընդ­հա­նուր առ­մամբ մօ­տա­ւո­րա­պէս երե­քուկէս ժամ տե­ւե­ցին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց ա­ւար­տին Էր­տո­ղան եւ Փո­րո­շեն­քօ հան­դի­սա­ւո­րա­պէս ստո­րագ­րե­ցին նիս­տի ար­դիւնք­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը։ Եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը սար­քե­ցին նաեւ հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը, ո­րու ըն­թաց­քին պա­տաս­խա­նե­ցին զանգուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու զա­նա­զան հար­ցում­նե­րուն։

Ըստ Էր­տո­ղա­նի, Թուր­քիա պատ­րաս­տա­կամ է ռազ­մա­վա­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը խո­րաց­նե­լու Ուք­րայ­նոյ հետ, որ կը հան­դի­սա­նայ իր բա­րե­կամն ու հա­րե­ւա­նը։ Ան ա­ւել­ցուց, թէ Թուր­քիա կը շա­րու­նա­կէ բո­լոր հար­թակ­նե­րու վրայ ար­տա­յայ­տել իր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը Ուք­րայ­նոյ ինք­նիշ­խա­նու­թեան, տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան ու քա­ղա­քա­կան միու­թեան ի նպաստ, նե­րա­ռեալ Խրի­մը։ «Մենք օ­րի­նա­կան կը նկա­տենք Ուք­րայ­նոյ ձգտու­մը՝ Եւ­րո­պա­յի կա­ռոյց­նե­րուն հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը զար­գաց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ ու կը պաշտ­պա­նենք այդ մէ­կը։ Մենք ցաւ կը զգանք, որ Ուք­րայ­նա եւ ճգնա­ժամ բա­ռե­րը կ՚օգ­տա­գոր­ծուին միաս­նա­բար։ Մեր մե­ծա­գոյն փա­փաքն է, որ ժամ ա­ռաջ յաղ­թա­հա­րուին դժուար ժա­մա­նակ­նե­րը ու երկ­րի ամ­բողջ տա­րած­քին վերս­տին հաս­տա­տուի խա­ղա­ղու­թիւն եւ անդ­ո­րրու­թիւն։ Կը մաղ­թենք, որ առ­կայ խնդիր­նե­րը կար­գա-­ւո­րուին դի­ւա­նա­գի­տա­կան ճա­նա­պար­հով՝ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի եւ Ուք­րայ­նոյ տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան սկզբուն­քին հի­ման վրայ։ Այս շրջագ­ծով կը պաշտ­պա­նենք Փետ­րուա­րի 12-ին Մինս­քի մէջ ա­պա­հո­վուած հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը ու կը մաղ­թենք, որ ստո­րագ­րուած նա­խազ­գու­շա­կան մի­ջոց­նե­րու ծրա­գի­րը ժամ ա­ռաջ եւ ամ­բող­ջա­կան ձե­ւով գոր­ծադ­րուի։ Հնա­րա­ւո­րու­թեան այս պա­տու­հա­նը պէտք է բա­ցուի մին­չեւ վերջ», ը­սաւ Էր­տո­ղան։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ Խրի­մի թա­թար թուր­քե­րուն նկատ­մամբ Ան­գա­րա­յի զգայ­նու­թիւն­նե­րուն վրայ ալ կանգ ա­ռաւ Էր­տո­ղան եւ ա­ւել­ցուց, որ Թուր­քիա թէ՛ մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ եւ թէ երկ­կող­մա­նի շփում­նե­րու ծի­րէն ներս պի­տի շա­րու­նա­կէ ար­ծար­ծել Խրի­մի թա­թար թուր­քե­րուն խնդիր­նե­րը։

Շաբաթ, Մարտ 21, 2015