ԻՐԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԱՅՑԸ՝ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ
Իրանի Պաշտպանութեան նախարար Հոսէին Տեհղան երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պաքու։ Ան հանդիպումներ ունեցաւ Ատրպէյճանի քաղաքական եւ ռազմական ղեկավարութենէն յառաջատար դէմքերու հետ։ Բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին, տարածքաշրջանային եւ ռազմականխնդիրներու վերաբերեալ հարցեր։ Իրան եւ Ատրպէյճան այս հանգրուանին կը նախատեսեն պաշտպանութեան եւ ռազմական բնագաւառէն ներս նոր մակարդակի մը վրայ բարձրացնել իրենց համագործակցութիւնը։ Այցելութիւնը յատկանշական է նաեւ իր ժամկէտին առումով, որովհետեւ տեղի կ՚ունենայ Իրանի հիւլէական ծրագրին շուրջ գոյացած միջազգային համագործակցութեան մթնոլորտին մէջ։
«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ հիւր պաշտպանութեան նախարարին հետ քննարկած է երկկողմանի եւ տարածքաշրջանային բնոյթով խնդիրներ։ Հոսէին Տեհղան կողմ արտայայտուած է երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման համար։ Ալիեւի մօտ կայացած զրոյցին ընթացքին շօշափուած են նաեւ պաշտպանութեան ու ռազմական գետնի վրայ երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման ու խորացման վերաբերեալ հարցեր։