ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՎԵՐՋՆԱԳԻՐ
Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան վերջին օրերուն դէպի Ֆրանսա կատարած ուղեւորութիւնը լարուածութեան պատճառ դարձաւ Պաքուի եւ Փարիզի ղեկավարութեանց միջեւ։ Ատրպէյճան Արցախի ղեկավարի այցելութեան բերումով վերջնագիր մը տուաւ Ֆրանսային։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, երէկ, Պաքուի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Փասքալ Մէօնիէ հրաւիրուեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն։ Փոխ-նախարար Հալէֆ Հալէֆով այս առթիւ դեսպանին յանձնեց Ատրպէյճանի վերջնագիրը։ Միեւնոյն ժամանակ Հալէֆով նշեց, թէ այս ու նման կացութիւնները խոտոր կը համեմատին Ատրպէյճան-Ֆրանսա յարաբերութիւններու ոգիին, ինչպէս նաեւ անյարիր են Ֆրանսայի առաքելութեան՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ։ Նման պարագաները վնաս կը հասցնեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին։ Ըստ Հալէֆովի, այս պարագան Ֆրանսայի կրկնակի չափանիշներու օգտագործման դրսեւորումներէն մին է եւ դէպքը պիտի ունենայ իր անդրադարձը երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ։
Իր կարգին, ֆրանսացի դեսպանն ալ յայտնեց, որ իրեն յանձնուած վերջնագիրն ու իր նկատառման յանձնուած Ատրպէյճանի լուրջ անհանգստութիւնը պիտի փոխանցէ Փարիզ։