ՌԻԿԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ

Լաթ­վիոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Ռի­կա­յի մէջ այ­սօր տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Եւ­րո­միու­թեան Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան գա­գա­թա­ժո­ղո­վը։ Այս հա­ւա­քը մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ Ե­րե­ւա­նի տե­սա­կէ­տէ, ո­րով­հե­տեւ ան կը ջա­նայ նոր ուղ­ղու­թիւն մը տալ Եւ­րո­միու­թեան հետ իր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան։ Ռի­կա­յի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին կը մաս­նակ­ցի Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած բարձ­րաս­տի­ճան պա­տուի­րա­կու­թիւն մը։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ Սերժ Սարգ­սեան այ­սօր եւ վա­ղը աշ­խա­տան­քա­յին բնոյ­թով շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Ռի­կա­յի մէջ։ ԵՄ-ի Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան գա­գա­թա­ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­լու ա­ռըն­թեր նոյն շրջագ­ծով Սերժ Սարգ­սեան կ՚ու­նե­նայ երկ­կող­մա­նի հան­դի­պում­ներ։ Բաց աս­տի, ան մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ նաեւ Եւ­րո­պա­կան ժո­ղովր­դա­կան կու­սակ­ցու­թեան գա­գա­թա­ժո­ղո­վին։

«Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ռի­կա­յի գա­գա­թա­ժո­ղո­վի օ­րա­կար­գի գլխա­ւոր նիւթն է՝ Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան ծրագ­րին մաս­նա­կից վեց եր­կիր­նե­րու հետ ԵՄ-ի երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին յստա­կե­ցու­մը։ ԵՄ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գահ երկ­րի՝ Լաթ­վիոյ Վար­չա­պետ Լայն­տո­թա Սթրաիւ­մա յայտ­նեց, թէ իւ­րա­քան­չիւր երկ­րի հա­մար պի­տի նա­խա­տե­սուին հռչա­կագ­րի ա­ռան­ձին մաս եւ ա­ռան­ձին մի­ջո­ցա­ռում­ներ։ Այս­պէ­սով ԵՄ կը փա­փա­քի ցոյց տալ, որ կա­րե­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ծա­յէ այդ վեց պե­տու­թիւն­նե­րու հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան նկատ­մամբ։

Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան ծրագ­րի ա­ռա­ւել աշ­խոյժ եր­կիր­նե­րը կը հա­մա­րուին Ուք­րայ­նան ու Վրաս­տա­նը։ Յա­մե­նայն­դէպս, ըստ մաս­նա­գէտ­նե­րու կան­խա­տե­սում­նե­րուն, Ռի­կա­յի ներ­կայ գա­գա­թա­ժո­ղո­վը գու­ցէ կրնայ հիաս­թա­փեց­նել այդ եր­կու եր­կիր­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ ներ­կա­յիս Պրիւք­սէլ պատ­րաստ չէ ըն­թացք տա­լու այն քայ­լե­րուն, ո­րոնք իր­մէ կ՚ակն­կա­լուին Թիֆ­լի­զի եւ Քիե­ւի կող­մէ։ Ար­դա­րեւ, Ուք­րայ­նա եւ Վրաս­տան կ՚ակն­կա­լեն հնա­րա­ւո­րինս կարճ ժա­մա­նա­կի մէջ ԵՄ-ի հետ ա­զա­տիլ վի­զա­յի դրու­թե­նէն, սա­կայն եւ­րո­պա­ցի ա­ռաջ­նորդ­նե­րը նուազ հա­ւա­նա­կան կը հա­մա­րեն Ռի­կա­յի գա­գա­թա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին նման փաս­տա­թուղ­թի մը ստո­րագ­րու­մը։ Մոլ­տո­վա, որ Վրաս­տա­նի եւ Ուք­րայ­նոյ նման ստո­րագ­րած է ԵՄ-ի հետ հա­մարկ­ման հա­մա­ձայ­նա­գի­րը, ի տար­բե­րու­թիւն այդ եր­կու եր­կիր­նե­րէն՝ ի­րա­ւունք ստա­ցած է ա­ռանց վի­զա­յի դէ­պի Շէն­կէ­նեան գօ­տի կար­ճա­ժամ­կէտ այ­ցեր կա­տա­րե­լու հա­մար։ Հե­տե­ւա­բար, Քիշ­նե­ւի ղե­կա­վա­րու­թեան սպա­սում­նե­րը ա­ւե­լի զուսպ են Ռի­կա­յի գա­գա­թա­ժո­ղո­վէն։

Այ­սօ­րուան գա­գա­թա­ժո­ղո­վին Հա­յաս­տա­նի ա­ռըն­թեր Ուք­րայ­նա եւ Մոլ­տո­վա եւս կը մաս­նակ­ցին նա­խա­գա­հի մա­կար­դա­կով։ Վրաս­տան կը ներ­կա­յա­ցուի վար­չա­պե­տին, իսկ Ատր­պէյ­ճան եւ Սպի­տակ Ռու­սիա կը ներ­կա­յա­ցուին ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն կող­մէ։

Մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին նոյ­նիսկ օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած էր Ռի­կա­յի մէջ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ իր ա­զէ­րի պաշ­տօ­նակ­ցին մի­ջեւ հա­ւա­նա­կան տե­սակ­ցու­թեան մը կազ­մա­կեր­պու­մը, սա­կայն ար­դէն Ա­լիե­ւի բա­ցա­կա­յու­թեան պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ չեն ար­դա­րա­ցած այդ պնդում­նե­րը։ Ա­լիե­ւի բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը կը մեկ­նա­բա­նուի՝ վեր­ջին շրջա­նին Ա­րեւ­մուտ­քի կող­մէ Ատր­պէյ­ճա­նի դէմ գոր­ծադ­րուող մեծ ճնշման լոյ­սին տակ։ Ռի­կա­յի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին չեն նա­խա­տե­սուած Ատր­պէյ­ճա­նի եւ ԵՄ-ի մի­ջեւ ո­րե­ւէ փաս­տա­թուղ­թի ստո­րագ­րու­մը։

Գեր­մա­նա­կան «Deutsche Wel-le» թեր­թը Ռի­կա­յի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­դա­ռաջ գրեց, թէ Հա­յաս­տա­նի վե­րա­բե­րեալ սպա­սում­նե­րը տա­կա­ւին ա­նո­րոշ են։ Ըստ թեր­թին, յայտ­նի չէ, թէ ի՛նչ բնոյ­թով փաս­տա­թուղթ մը պի­տի ստո­րագ­րուի Ե­րե­ւա­նի եւ Պրիւք­սէ­լի մի­ջեւ։ Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան Ռի­կա­յի մէջ ընդ­հան­րա­պէս պի­տի ար­տա­յայ­տէ այն միտ­քը, թէ Հա­յաս­տան չի պատ­րաս­տուիր Եւ­րո­պա­յէն թե­քե­լու իր ե­րե­սը՝ հա­կա­ռակ Մոս­կուա­յի նա­խա­ձեռ­նած Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան հետ հաս­տա­տած սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան։

Ռի­կա­յի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­դա­ռաջ, Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վը նա­խըն­թաց օր ըն­դու­նեց ե­րաշ­խա­ւո­րել Հա­յաս­տա­նի եւ ԵՄ-ի մի­ջեւ ի­րա­ւա­կան հա­մա­ձայ­նագ­րի մը շուրջ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սկսի­լը։ ԵՄ-ի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ անվ­տան­գու­թեան քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րով բարձ­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տար Ֆե­տերի­քա Մո­կե­րի­նի հա­մա­պա­տաս­խան յանձ­նա­րա­րա­կան­ներ տուած է՝ հա­մա­ձայ­նագ­րին շուրջ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ձեռ­նար­կե­լու նպա­տա­կով։

2013 թուա­կա­նի Նո­յեմ­բե­րին, Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան միա­նա­լու ո­րոշ­ման զու­գա­հեռ, Հա­յաս­տան ԵՄ-ի հետ հա­մա­ձայ­նու­թեան հա­սած էր շա­րու­նա­կե­լու հա­մար երկ­կող­մա­նի հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ բո­լոր ո­լորտ­նե­րէն ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գա­ցու­մը եւ ու­ժե­ղաց­նե­լու հա­մար յանձ­նա­ռու­թիւ­նը։ Մաս­նա­գէտ­նե­րը այս փու­լին հա­ւա­նա­կան կը նկա­տեն, որ Ռի­կա­յի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին ազ­դա­րա­րուի Հա­յաս­տան-ԵՄ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սկիզ­բին մա­սին։

Իր կար­գին, Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի հա­րե­ւա­նու­թեան եւ ընդ­լայն­ման հար­ցե­րով բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­կա­տար Եո­հան­նէս Հանն ալ Ռի­կա­յի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­դա­ռաջ խօ­սե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի հետ սերտ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ հաս­տա­տե­լու փա­փա­քին մա­սին։ «The Parliament Magazine»ի մէջ լոյս տե­սած իր յօ­դ-ւա­ծին մէջ ան գրեց հե­տե­ւեա­լը. «Մեր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը նպա­տակ ու­նի կա­ռու­ցել կա­յու­նու­թիւն՝ հա­մարկ­ման եւ ժո­ղո-վըր­դա­վա­րու­թեան նկատ­մամբ ԵՄ-ի մօ­տե­ցում­նե­րու ընդ­լայն­ման մի­ջո­ցաւ։ Գա­գա­թա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին պի­տի քննար­կուին ԵՄ-ի եւ ա­նոր գոր­ծըն­կեր վեց պե­տու­թիւն­նե­րու՝ Հա­յաս­տա­նի, Ատր­պէյ­ճա­նի, Սպի­տակ Ռու­սիոյ, Վրաս­տա­նի, Մոլ­տա­վիոյ եւ Ուք­րայ­նոյ մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ուղ­ղուած պի­տի չըլ­լան եր­րորդ կող­մի մը դէմ»։

Նոյն յօ­դուա­ծին մէջ Հան յոյս յայտ­նեց նաեւ, որ Ռի­կա­յի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին կը քննար­կուին այն ձեռք­բե­րում­նե­րը, ո­րոնք ար­ձա­նագ­րուած են ԵՄ-ի եւ իր Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կեր­նե­րուն մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն շրջագ­ծով՝ 2013 թուա­կա­նի Վիլ­նիու­սի գա­գա­թա­ժո­ղո­վէն վերջ։ Եւ­րո­պա­ցի յանձ­նա­կա­տա­րը մատ­նան­շած է, որ ԵՄ-ի մօ­տե­ցու­մը մշտա­պէս թա­փան­ցիկ ե­ղած է Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան նկատ­մամբ ու կեդ­րո­նա­ցած՝ իր գոր­ծըն­կեր­նե­րու շա­հե­րուն եւ հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րուն վրայ։

Միւս կող­մէ, հարկ է նշել, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ իշ­խա­նու­թեան գլուխ գտնուող Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան շրջա­նակ­ներն ալ Ռի­կա­յի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­դա­ռաջ ար­տա­յայ­տե­ցին դրա­կան սպա­սում­ներ։ Այս­պէս, Հա­յաս­տան կ՚ակն­կա­լէ ԵՄ-ի հետ ստո­րագ­րել հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան նոր փաս­տա­թուղթ։

 

 

 

 

 

Հինգշաբթի, Մայիս 21, 2015