ԱՌԱՐԿԱՅԱԿԱՆ ԿԱՐԻՔ…

Իշխանութիւններու «ատրպէյճանամէտ» գործողութիւններու դէմ բողոքը կ՚առաջնորդէ հոգեւորական մը, ոչ թէ քաղաքական գործիչները։ Ի հարկէ, սա կը խօսի քաղաքական խոր ճգնաժամի մասին: Հայաստանի մէջ քաղաքական համակարգը, մեծ հաշուով, չէ կայացած՝ քաղաքացիներու գերապատուութիւնները հիմնուած են ո՛չ համակարգային, զուտ անձնական գործօններու վրայ:

Իշխանական դաշտին մէջ միակ քիչ թէ շատ հեղինակաւոր անձը Փաշինեանն է (բայց ոչ ՔՊ-ն՝ իր «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը)։ Իրեն նկատմամբ վստահութիւնն ալ վերջին երեք տարիին ինկած է: Ընդդիմութեան մեր ամենայայտնի կուսակցութիւնները՝ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնն ու Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կը կապուին «նախորդ իշխանութեան» հետ։ Սա մասամբ արդար է, մասամբ ալ իշխանութեան արդիւնաւէտ քարոզչութեան արդիւնքն է:

Այսպէսով, ոեւէ ընդդիմադիր գործիչ չունի Բագրատ Սրբազանի հեղինակութիւնը: Եւ, հակառակ իրեն ալ կ՚ուզեն փակցնել Քոչարեանի կամ Ռուսաստանի հետ կապը, ինքն իսկ կարողացած է համախմբել իշխանութեան քաղաքականութենէն դժգոհ զանգուածը: Արքեպիսկոպոսի հետեւորդ մարդիկ չեն կասկածիր անոր անկեղծութենէն:

Այս ամէնը ակնյայտ է եւ ընդդիմադիր քաղաքական գործիչները պէտք է հաշտուին այդ իրադրութեան հետ: Բայց ճգնաժամը ո՛չ միայն քաղաքական է, այլեւ հոգեւոր: Այլ կերպ չի կրնար ըլլալ երկրի մը մէջ, որ ծանր, ամօթալի, նուաստացուցիչ պարտութիւն կրած է: Դուք գուցէ ըսէք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու մեծամասնութիւնը նման բան չի զգար: Բայց եթէ սա նոյնիսկ չկայ գիտակցական մակարդակով, այդ զգացումը, միեւնոյն է, առկայ է սրտի խորքին բոլոր այն մարդոց, որոնք ինքզինքնին հայ կը համարեն:

Այդ պայմաններուն մէջ ձգտումը դէպի հոգեւոր արժէքները, ձգտումը ինչ-որ բանով հոգեւոր դատարկութիւնը լեցնելու, շատ բնական է: Ի հարկէ, զուգահեռը բոլոր առումներով շատ պայմանական է, բայց, յիշեցնեմ, որ Գերմանիոյ մէջ 1945 թուականէն յետոյ կաթոլիկ եւ բողոքական քահանաները մտաւորականներու հետ միասին գացին մարդոց մօտ՝ իրենց հասարակութեան զանազան շերտերը համոզելու, թէ հայրենիքը թէեւ վիրաւոր է, բայց հաւատը, կրօնը, պատմութիւնը, մշակոյթը, արուեստը, բարոյագիտական չափանիշները՝ անոնք դատարկ խօսքեր չեն, անոնք, այսպէս ըսած, «ի զօրու են»: Այդպէս ծնան երկու «աջակողմեան», ներկայ խոշոր կուսակցութիւնները՝ Քրիստոնեայ-դեմոկրատական եւ Քրիստոնեայ-ընկերվարական միութիւնները (CDU-CSU), աւելի լայն իմաստով՝ այդպէս ծնաւ ժամանակակից Գերմանիան:

Այդ աշխատանքը, անկախ այն բանէն, թէ երբ կ՚ըլլայ իշխանափոխութիւնը, պէտք է ըլլայ նաեւ Հայաստանի մէջ: Այս բանին պահանջարկը, կրկնեմ, կայ եւ այդ առարկայական իրականութենէն ելլելով է, որ հոգեւորականները յայտնուած են հասարակութեան ուշադրութեան կեդրոնին:

Ընդհանրապէս, կրօնի դերը պետականաշինութեան մէջ մենք դեռեւս մինչեւ վերջ չենք գնահատած: Ահա թէ ի՛նչ կը գրէ ԱՄՆ-ի հիմնադիր հայրերէն մէկը, այդ երկրի երկրորդ նախագահ (1797-1801) Ճոն Էտըմսը. «Հայրենասէրը առանց կրօնի, իմ կարծիքով, նոյնքան մեծ հակասութիւն է, որքան մարդը առանց Աստուծոյ երկիւղի»: Բացառուած չէ, սակայն, որ Էտըմսը «ռուսի գործակալ» էր, կամ կ՚ուզէր կրօնապետութիւն ստեղծել:

*

Իշխանութեան ներկայացուցիչները եւ «արեւմտամէտ» քարոզիչները կը շարունակեն յամառօրէն պնդել, որ Բագրատ Սրբազանի ղեկավարած շարժման թիկունքին կանգնած են Ռուսաստանը եւ Քոչարեանը: Զուտ մակերեսային մօտեցման պարագային նման քարոզչութիւնը արդարացած ըլլալ կը թուի: Որովհետեւ երբ կ՚ըսենք «Ռուսաստան», կը պատկերացնենք ռուս «խաղաղապահները», որոնք առնուազն չեն խոչընդոտած (եթէ չեն նպաստած) Արցախի շրջափակման, իսկ այնուհետեւ՝ հայաթափման: Երբ կ՚ըսենք «Քոչարեան», կը պատկերացնենք փտածութիւն, սակաւապետերու սափրագլուխներու եւ իշխանութեան ամբարտաւան կեցուածքը: Նման պատկերացումներու համար, ի հարկէ, լուրջ հիմքեր կան, եթէ որոշ նրբութիւններ մէկ կողմ թողենք: Բայց արդեօք այս բանին հետ կապ ունի՞ Բագրատ Սրբազանը:

Եւ միւս կողմէ հարց կը յառաջանայ՝ Փութինը ինչո՞ւ պիտի ուզէ պաշտօնանկ ընել Փաշինեանը: Վերջերս Հայաստանի վարչապետը գացած էր Մոսկուա եւ ինչ-ինչ (հրապարակային ու ոչ-հրապարակային) պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերելու Ռուսաստանի նախագահի հետ: Փութին ինչո՞ւ պէտք է կրքոտ ձգտում մը ունենայ ազատելու այն գործընկերէն, որու հետ կը կարողանայ լեզու գտնել: Պարզ է՝ Քրեմլինի մէջ շատ չեն տխրիր, եթէ Փաշինեան հեռանայ (երկու ղեկավարներու միջեւ «քիմիա» չկայ), բայց այստեղ ներքին քաղաքական պայքար կազմակերպել, այդ ալ Գանատայի՞ քաղաքացիի միջոցով: Come on, ինչպէս կ՚ըսէին Տաւուշի մէջ:

Իսկ ինչո՞ւ չենթադրել, որ Փաշինեան չէ կատարած որոշ պայմանաւորուածութիւնները, որոնք ձեռք բերած է Արեւմուտքի մէջ: Կը պատկերացնէ՞ք, ինչ կ՚ըլլար մեր «արեւմտամէտներու» մօտ, եթէ պարզուէր, թէ այդ ընդդիմադիր շարժման կը սատարեն Արեւմուտքի որոշ շրջանակներ:

…Հասկնալի է, ի հարկէ, որ ինչպէս Փաշինեանէն առաջ, այնպէս ալ անկէ յետոյ Հայաստանի որեւէ իշխանութիւն ստիպուած էր եւ ստիպուած կ՚ըլլայ ինչ-որ հաւասարակշռութիւն գտնել աշխարհի ուժային կեդրոններուն միջեւ: Բայց յուսանք, թէ յաջորդ իշխանութիւնը գոնէ ինքզինք «խենդի տեղ» չդնէ:

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի համակցուած խմբագրականներ

Երեքշաբթի, Մայիս 21, 2024