ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԺԱՄԿԷՏ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Երկու ղեկավարներու հեռախօսազրոյցները թէեւ պարբերական բնոյթ կը կրեն, սակայն, երէկուանը որպէս այդպիսին հերթական չէր՝ քանի տեղի ունեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի մահուամբ պայմանաւորուած իրադրութեան մէջ։ Ծանօթ է, որ Ռայիսի Ատրպէյճան այցելութենէն վերադարձին մահացաւ եւ իր անցուցած արկածէն վերջ որոնման աշխատանքներուն մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիան։

Կը հաղորդուի, որ Էրտողան եւ Ալիեւ երէկուան հեռախօսազրոյցի ընթացքին անդրադարձան տարածաշրջանային եւ համաշխարհային օրակարգի հարցերուն։ Անոնք շօշափեցին նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները։ Էրտողան գոհունակութիւն յայտնեց Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացի դրական յառաջընթացին կապակցութեամբ։ Ան նշեց, որ Անգարա ուշադրութեամբ կը հետեւի Պաքու-Երեւան առանցքի իրադարձութիւններուն։ «Տարածաշրջանէ ներս արդար ու կայուն խաղաղութիւնը նոր պայմաններ կը ստեղծէ ինչպէս Ատրպէյճանի, այնպէս ալ Հայաստանի, նաեւ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն համար», համոզուած է Էրտողան։

Միւս կողմէ, Ալիեւ վերջին օրերուն կը շարունակէ հայկական կողմի հետ հաշտութեան գործընթացին վերաբերեալ դրական շեշտադրումներով արտայայտուիլ։ Արտասահմանեան պատուիրակութիւն մը հիւրընկալելու ժամանակ ան երէկ յայտնեց, որ շատ լաւ ու բարենպաստ հնարաւորութիւններ կան Պաքու-Երեւան խաղաղութեան օրակարգը յառաջ մղելու համար։ Այս ամբողջին մէջ Ալիեւ մասնաւորապէս նշեց սահմանագծման գործընթացի իրադարձութիւնները։

Պարզ է, որ Իրան Հարաւային Կովկասի ամենակարեւոր դերակատարներէն մին է։ Հայաստան-Ատրպէյճան այժմու հաշտութեան գործընթացին մէջ ձեւաւորուած հաւասարակշռութիւններով հաշուի առնուած են նաեւ այդ երկրի առաջնահերթութիւններն ու կարմիր գիծերը, որոնք միշտ չեն համընկնիր Թուրքիա-Ատրպէյճան թանտեմի հետապնդած նպատակներուն հետ՝ մասնաւորապէս Զանգեզուրի ենթադրեալ միջանցքին հարցով։ Իրան այս խնդրին կապակցութեամբ Հայաստանի հիմնական աջակիցն է տարածաշրջանի բարդ համայնապատկերին վրայ։ Նախագահ Ռայիսիի մահուամբ այժմ անխուսափելիօրէն անցումային շրջան մը կը սկսի այդ երկրէն ներս։ Մինչեւ Թեհրանի մէջ նոր կառավարութեան մը ձեւաւորուիլը, ուժերու յարաբերակցութիւնը կրնայ փոխուիլ, նաեւ այդ նոր ղեկավարութիւնը կրնայ նոր երանգներ կամ չափումներ բերել այժմու քաղաքականութեան։ Տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու եւ կապուղիներու ապաշրջափակման հեռանկարներուն շուրջ այժմ լուրջ խմորումներ խնդրոյ առարկայ են եւ անոնց յարափոփոխ հաւասարակշռութիւններուն մէջ Թեհրանէն կախեալ երեսակները ապագային կրնան վերարժեւորուիլ եւ վերաձեւաւորուիլ։

Երեքշաբթի, Մայիս 21, 2024