«ՊԱՔՈՒ ՅԱՌԱՋ ԿԸ ՔՇԷ ՆՈՐ ՕՐԱԿԱՐԳ ՄԸ, ՈՐ ՀԱՐՑԵՐ ԿԸ ՅԱՌԱՋԱՑՆԷ»
Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրին վրայ աշխատանքները կը շարունակուին՝ հակադիր յայտարարութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտի մը մէջ։ Երեւան-Պաքու առանցքին վրայ թէեւ կ՚արձանագրուին դրական զարգացումներ, սակայն, ըստ մեկնաբաններու, ապագայ իրադարձութիւններուն տեսակէտէ տակաւին կան մտահոգութեան բազմաթիւ պատճառներ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան վերահաստատեց, որ իր երկիրը պատրաստ է յառաջիկայ ամսուան ընթացքին աւարտին հասցնել Ատրպէյճանի հետ կնքուելիք խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախարարը յիշեցուց, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ սկսած է սահմանազատման գործընթացը։ Այս գործընթացի շարունակականութիւնը կարեւորելով՝ Արարատ Միրզոյեան անհրաժեշտ նկատեց նաեւ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման վերահսկողութիւնը։ «Շատ կարեւոր է նաեւ աւարտին հասցնել Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրը։ Մենք յղած ենք շատ շինիչ առաջարկներ ու պատրաստ ենք վերջնականացնել եւ եզրափակել պայմանագիրը յառաջիկայ ամսուան ընթացքին, ինչպէս մենք արդէն առաջարկած ենք», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ հայկական կողմը այս հարցին կապակցութեամբ Ատրպէյճանէն որեւէ արձագանգ չէ ստացած։
Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ այս բոլորին զուգահեռ՝ Ատրպէյճան յառաջ կը բերէ նոր օրակարգեր, որոնք առնուազն հարցեր կը յառաջացնեն Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ այդ երկրի անկեղծութեան վերաբերեալ։ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին ալ հերթական անգամ անդրադարձաւ Արարատ Միրզոյեան եւ ըսաւ. «Կասկած չկայ, թէ եթէ այդ նախագիծը իրականութիւն դառնայ, ապա կրնայ նշանակալի օգուտներ բերել ինչպէս մեր տարածաշրջանին, այնպէս ալ անկէ դուրս»։
Երեւանէն հնչած այս յայտարարութիւններուն առընթեր, միջազգային դերակատարներն ալ Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւններուն կը շարունակեն հետեւիլ անմիջական ուշադրութեամբ։ Ուաշինկթըն եւ Պրիւքսէլ հետեւողականութիւն կը ցուցաբերեն այս ուղղութեամբ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Ան ընդգծեց Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի անյապաղ կնքման կարեւորութիւնը։
Իր կարգին, Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորէլն ալ ընդգծեց, որ Պրիւքսէլ կը շարունակէ աջակցիլ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ ջանքերուն՝ բոլոր չլուծուած հարցերուն շուրջ։ Ան այս ամբողջին մէջ թուարկեց Ատրպէյճանի մէջ ի պահ դրուած հայ կալանաւորներու ազատ արձակումը։ «Եւրոմիութիւնը կը շարունակէ Ատրպէյճանին կոչ ուղղել՝ ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան իրաւունքները՝ առանց ահաբեկման կամ խտրականութեան իրենց տուները վերադառնալու իրաւունքի իրադրումը», ըսաւ Ժոզէֆ Պորէլ։