ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Մարդկային քաղաքակրթութեան այս փուլը տարբեր առումներով ունի ահազանգային կարգ մը շեշտադրումներ, որոնք կը պահանջեն յաւելեալ ուշադրութիւն։ Ուշադրութիւնը անպայման չի խօսիր վախի, մտավախութիւններու, տագնապներու լեզուով՝ այլ կը պատրաստէ այսօրուան մարդկութիւնը վաղուան մարտահրաւէրներուն։ Իբր այդ, կը կարեւորուին հազուագիւտ մետաղները, որոնք կերպով մըն ալ խթանող ուժ կրնան հանդիսանալ՝ ապահովելու համար անցնցում անցում դէպի նոր հորիզոններ։

Բաց աստի, հարկ է, անշուշտ, հաշուի առնել այն փաստը, որ այսօր մեր շուրջ ամէնօրեայ դրութեամբ աճող հիմնահարցերը հետեւանք են վերջին տարիներուն բնութեան կողմէ մարդկութեան պարգեւուած ներուժի մսխման։

Մինչ այդ, այս նիւթերով զբաղող գիտնականներն ու ձեռներէցները կը նախատեսեն, որ վաղուան ջերմուժը, կեանքի տարբեր առանցքներուն մղիչ ուժը՝ նաւթն ու կազը յառաջիկայ փուլերուն պիտի չունենան առաջուան իրենց հնչեղութիւնն ու կարեւորութիւնը։ Այս կէտին, անշուշտ, անոնք կ՚անդրադառնան «Կանաչ ուժ»ին, որ ապագային պիտի դառնայ իսկական շարժիչ մը՝ մինչ Հայաստանի պաշարներն ալ յոյս կը ներշնչեն։ Ան ո՛չ միայն համաշխարհային տնտեսութիւնը պիտի հաւասարակշռէ, այլեւ՝ կերպով մըն ալ պիտի ապահովէ մեզ շրջապատող եւ բաւական վիրաւոր կէտերու հասած բնութեան իսկական հաւասարակշռութիւնը։

 Մինչ օր ըստ օրէ ջերմուժի, նաւթի եւ կազի պահանջարկները պիտի նուազին, անդին անոնց պիտի փոխարինէ «Կանաչ ուժ»ը, որուն մէջ կարեւոր առանցքներ կը հանդիսանան տարբեր տեսակի մետաղները սկսած պղինձէն, հասնելով մինչեւ լիթիում։

Հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ իրենց կարեւոր դիրքերը զբաղեցուցած երկիրները ու անոնց հովանիով գործող տիտանական կազմակերպութիւնները շատ լաւ ընկալած են այս առումով Հայաստանի ունեցած ներուժը։ Այս փաստ է, որ Հայաստան ապագային իր դերն ու դերակատարութիւնը պիտի ունենայ այս գործընթացներուն մէջ։ Հայաստանի ընդերքին գտնուող հարստութիւններուն առընչութեամբ հարկ է, որ ըլլանք աւելի ականջալուր եւ նախաձեռնող։

Ի դէպ, այս բոլորը աւելիով հիմնաւորելու համար կ՚անդրադառնենք Հայաստանի փոլիթեքնիք համալսարանի Լեռնային մետաղագործութեան եւ քիմիական արհեստագիտութեան կաճառի Կայուն զարգացման եւ բնապահպանական ծրագիրներու խորհրդատու, տնտեսագէտ տոց. Հայկ Ակարմազեանի դիտարկումներուն, որոնք վերջերս հրապարակուած են «News.am» կայքէջին վրայ։

Ըստ իրեն, ընդունուած է ըսել, որ մեր հարեւան երկիրները հարուստ են նաւթով եւ կազով: Բայց կարելի չէ պնդել, որ բոլոր այդ երկիրները բնական աղբիւրներով Հայաստանէն աւելի հարուստ են: Օրինակ՝ պղինձը, որով հարուստ է Հայաստանը, ի թիւս՝ լիթիումի, քոպալթի, նիքէլի եւ հազուագիւտ այլ տարրերու, կը հանդիսանայ անհրաժեշտ, գլխաւոր 5 մետաղներէն մէկը, որոնցմէ կախուած է ապագայի արհեստագիտութիւնը՝ ելեկտրական մեքենաները, արեւային վահանակները եւ կանաչ ուժի կուտակման ժամանակակից մարտկոցները:

Իսկ ինչ կը վերաբերի Հայաստանի մէջ մետաղներու ուսումնասիրութեանց, Հայաստանի Ազգային փոլիթեքնիք համալսարանին մէջ, փետրուարի 29-ին տեղի ունեցաւ աշխատաժողով, որ նուիրուած էր լիթիումին: Աշխատաժողովի ընթացքին, Հայաստանի հանքագործներու եւ մետաղագործներու միութեան, Հայաստանի Ազգային փոլիթեքնիք համալսարանին, Երեւանի Պետական համալսարանին, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի երկրաբանական գիտութիւններու կաճառի մասնագէտները ներկայացուցած են լիթիումի մասին իրենց դիտարկումները, ուսումնասիրութիւններու արդի վիճակին եւ կորզման հեռանկարներուն վերաբերեալ:

Նոյն ծիրէն ներս մարտի 11-15 թուականներուն միջեւ, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած աշխատաժողովի արդիւնքները ներկայացուցի Մեծն Բրիտանիոյ մէջ տեղի ունեցած անհրաժեշտ մետաղներու եւ շրջանառու տնտեսութեան վերաբերող միջոցառման ժամանակ: Միջոցառման ընթացքին, ներկայացուցի նաեւ այս բնագաւառին մէջ Հայաստանի յաջողութիւնները, պղինձի արդիւնաբերութեան յառաջատար հայկական մեծ ընկերութեան՝ Զանգեզուրի պղինձամոլիպտենային գործարանի գործունէութիւնը, ուր կ՚արդիւնահանուին եւ կը մշակուին աշխարհի կանաչ, ցած ածխածնային եւ շրջանառու տնտեսութեան համար կենսական նշանակութիւն ունեցող պղինձն ու մոլիպտենը:

Արտերկրի գործընկերները, հանդիպումներուն ընթացքին մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին Հայաստանի արդիւնաբերական ոլորտին առընթեր: Քննարկումներու ընթացքին նշեցին, որ մինչեւ 2030 թուականը, կանաչ ուժի անցումով պայմանաւորուած պղինձի սպառումը կը քառապատկուի, իսկ աշխարհի մէջ կենսոլորտի սահմանափակումներուն հետ կապուած խոստումները իրականացնելու համար 54 առ հարիւրով աւելի պղինձ կը պահանջուի:

Հնարաւորութիւնը ունեցանք ծանօթանալու երկրաջերմական (ժէոթերմալ) ուժի եւ լիթիումի միեւնոյն ժամանակուայ արտադրութեան, ինչպէս նաեւ այցելելու հազուագիւտ տարրերու, սփոթումներով եւ հանքային ջուրերով լիթիում արտադրուող ձեռնարկութիւններ։

Տպաւորիչ էին մեր այցելութիւնները Բրիտանական երկրաբանական ծառայութիւն, Քեմպոռնի հանքարդիւնաբերական դպրոց, ինչպէս նաեւ Նիւթերու մշակման կաճառ, որոնց ծիրէն ներս հնարաւոր եղաւ մասնագիտական փորձէն եւ տարրալուծարանային սարքաւորումներէն օգտուելու երկկողմանի համագործակցութեան պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերել: Հարկ է նշել, որ Միացեալ Թագաւորութիւն այցելութեան ամբողջ ընթացքին ակնյայտ եղաւ, թէ որքան մեծ դերակատարութիւն ունի հանքարդիւնաբերութեան ոլորտը Անգլիոյ նման զարգացած երկրի մը համար, հակառակ անոր, որ Հայաստանի նման լուրջ անվտանգային խնդիրներ չունի, բայց հետեւողական աշխատանք կը տանի կլիմայի փոփոխութեամբ, երկրագունդի տաքացմամբ պայմանաւորուած մետաղներու պահանջարկի սպասուող աճին առընթեր, համաշխարհային տնտեսութեան մէջ իր տեղն ունենալու գործին՝ աշխարհին անհրաժեշտ մետաղներու պատասխանատու արդիւնահանման նոր արհեստագիտութեան լուծումներ մշակելով եւ առաջարկելով։

Ըստ Հայկ Ակրամազեանի, եկած է ժամանակը Հայաստանի հանքարդիւնաբերութեան նկատմամբ կարծրատիպային, բացասական ընկալումը դրականով փոխելու։ Հանքարդիւնաբերութիւնը զարգացնելու պարագային, Հայաստանը հարեւաններուն համեմատ նոյնիսկ քանի մը տասնեակ անգամ աւելի մեծ շահոյթ կրնայ ստանալ: Ի հարկէ, այս գործին մէջ մեծ է նաեւ կրթութեան կարեւորութիւնը. ծնողները առաջանցիկ քայլ պէտք է կատարեն, եւ եթէ իրենց երեխաները ընտրեն քիմիական արհեստագիտութեան, հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի մասնագիտութիւններ, անոնք կը դառնան բարձր վարձատրուող մասնագէտներ, քանի որ յստակ է, թէ ապագային անոնք մեծ պահանջարկ պիտի ունենան, ինչպէս է պարագան նաեւ անհրաժեշտ նշանակութիւն ունեցող մետաղներուն եւ անոնց մաքուր արդիւնահանման հետ կապուած արհեստագիտութեան։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունիս 21, 2024