ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՎԻՃԱԿԸ ԺԱՄ ԱՌ ԺԱՄ ԿԸ ՎԱՏԹԱՐԱՆԱՅ
Ամբողջութեամբ պաշարուած Արցախին մէջ կացութիւնը հետզհետէ կը լրջանայ։ Ստեփանակերտէն շարունակ ահազանգներ կը հասնին, թէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կացութիւնը ժառ առ ժամ կը վատթարանայ։ Կը հաղորդուի, որ Արցախի խանութները արդէն իսկ դատարկ են։ Երէկ երեկոյեան, Արցախի պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան հարցազրոյց մը տուաւ Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան եւ այս առթիւ փորձեց բացատրել ստեղծուած ողբերգական իրավիճակը։ Ըստ պետական նախարարին, Ատրպէյճան ներկայիս աննկարագրելի խոչընդոտներ կը ստեղծէ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչներուն, որոնք կը ջանան Արցախի հիւանդները դարմանման համար տեղափոխել Հայաստան։ Կը պահանջուի, որ սահմանին վրայ հիւանդներուն համար յաւելեալ քննութիւններ կատարեն Ատրպէյճանի բժիշկները եւ այլն։ Պետական նախարարը ցաւով արձանագրեց, որ այսպիսի կէտի մը հասած է խնդիրը՝ թէ՛ մարդասիրական եւ թէ մարդկային տարրային արժանապատուութեան վերաբերեալ բոլոր ծալքերով հանդերձ։ Բաց աստի, Գուրգէն Ներսիսեան շեշտեց, որ ներկայիս Ստեփանակերտի մէջ հանրային փոխադրամիջոցներու գործունէութիւնը ամբողջութեամբ դադրեցուած է։ Միայն շատ սահմանափակ ձեւով Ստեփանակերտի եւ շրջաններու միջեւ փոխադրական կապը կը շարունակուի։ Աղբահանութեան խնդիրն ալ հետզհետէ կը լրջանայ Արցախի մէջ։ Աղբերը չեն հաւաքուիր եւ այս պատճառով համավարակի մը բռնկման վտանգը խնդրոյ առարկայ է։ Ի լրումն այս բոլորին, բերքահաւաքն ալ իրականացնել կարելի չ՚ըլլար՝ քանի մասնաւոր հատուածէն մեծ թիւով մարդիկ գործէ հանուած են։ Սա մէկ կողմէ բերքի հաւաքման արգելք կը դառնայ, տնտեսական հետեւանքներով, իսկ միւս կողմէ նիւթական ծանր բեռ մը կը յառաջացնէ պետութեան տեսակէտէ։
Ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ այս պահուն իրենց հիմնական խնդիրն է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին վրայ աւելի մեծ միջազգային ուշադրութիւն ապահովելը։ Հայաստանի կառավարութեան երէկուան ժողովի սկիզբին վարչապետը խօսեցաւ Պրիւքսելի մէջ անցեալ շաբաթավերջին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած հանդիպման մասին՝ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ։ Ըստ Փաշինեանի, Պրիւքսելի եռակողմանի հանդիպման ժամանակ Լաչինի միջանցքի բացման առումով որեւէ յստակ արդիւնք չէ եղած։ Ան կրկնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան միջազգային դրութեան ձեւաւորումը իրավիճակի յաղթահարման ամենաշինիչ բեմագրութիւնը կը համարուի։ Ըստ վարչապետին, յառաջիկային պէտք է յստակեցուին նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագծման աշխատանքներու քարտէսագրական հիմքերը։ Վերջերս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներուն կողմէ գլխաւորուած սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովը ունեցած էր իր 4-րդ հանդիպումը։ Այդ հանդիպումէն վերջ, Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակը տեղեկացուցած էր, որ որեւէ զարգացում չէ արձանագրուած։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ երէկ Վիեննայի մէջ մասնակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի մշտական խորհուրդի արտահերթ նիստին, որու ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը։ Միրզոյեան ահազանգ հնչեցուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ներկայիս յայտնուած է սովի մատնուելու, սովամահութեան եզրին։ Յատուկ նիստի ընթացքին նախարարը շեշտեց, որ հայկական կողմը հաւատարիմ է շարունակելու իր ջանքերը յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան նոր դարաշրջան մը սկսելու ուղղութեամբ։ Յամենայնդէպս, Արարատ Միրզոյեան Վիեննայի ժողովին ընթացքին ամենայն մանրամասնութեամբ ներկայացուց Արցախի մէջ ստեղծուած ծանր իրավիճակն ու Հարաւային Կովկասի առկայ բարդ հաւասարակշռութիւնները։ Վիեննայի մէջ Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ Ատրպէյճան միջնադարեան մտայնութիւնով կը գործէ։ Ան համոզուած է, թէ միջազգային հանրութիւնը եւ մանաւանդ՝ ԵԱՀԿ-ը չեն կրնար լուռ մնալ, երբ 120 հազար մարդու կեանքը վտանգուած է։
Միջազգային դերակատարներն ալ կը շարունակեն անմիջական ուշադրութեամբ հետեւիլ իրադարձութիւններուն։ Անոնց հետաքրքրութեան պայմաններուն ներքեւ Պաքու միշտ կը հակադարձէ Երեւանէն կատարուած յայտարարութիւններուն։ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ արձագանգեց նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքերուն։ Պաքու պնդեց, որ ներկայ ընթացքով Երեւան արդէն կը խոչընդոտէ խաղաղութեան բանակցութիւններուն ընթացքը։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԶԱԽԱՐՈՎԱ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ երէկ հանդէս եկաւ Արցախի վերաբերեալ կարեւոր յայտարարութիւններով։ Ան յատկապէս մեկնաբանեց Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ վերջերս կատարուած յայտարարութիւնը, որով յիշեցուած էր, թէ 2025 թուականին ռուս խաղաղապահները պէտք է դուրս գան Լեռնային Ղարաբաղէն։ Մարիա Զախարովա այս կապակցութեամբ յայտնեց, որ Անգարա չի կրնար որոշել, թէ ե՛րբ պէտք է ռուս խաղաղապահները դուրս գան Լեռնային Ղարաբաղէն։ Ան խօսեցաւ նաեւ Լաչինի միջանցքի վերաբացման հարցին շուրջ Ատրպէյճանի հետ տարուած աշխատանքներուն մասին։ Լրագրողներ հետեւեցան, թէ Մոսկուա ունի՞ հնարաւորութիւն Պաքուի վրայ ազդելու համար եւ արդեօք կարելի՞ է դէպի Արցախ մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնել ուղղաթիռներով կամ օդանաւերով, որոնք ունին ռուս խաղաղապահները։ «Մենք կ՚աշխատինք բոլոր կողմերու հետ ո՛չ միայն հանրային հարթակներու վրայ, ինչ կը վերաբերի մեթոտաբանութեան։ Իսկ ի՞նչ կը վերաբերի մարդասիրական օգնութեան մատակարարման, ապա ինչպէս կը հասկնաք, միջազգային կառոյցի առանձին երկիրներ այս հարցի լուծման զանազան տարբերակներ կը մշակեն», ըսաւ ռուս դիւանագէտը։ Իր յայտարարութիւններուն մէջ ան մանրամասնօրէն խօսեցաւ Արցախի ռուս խաղաղապահներու ապագային մասին։ Զախարովա յիշեցուց, որ Թուրքիա կողմ չէ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ ստորագրուած եռակողմանի համաձայնագրին, որով տեղակայուած են Արցախի ռուս խաղաղապահները։ «Այս իսկ փաստաթուղթին մէջ յստակ կ՚ուրուագծուին թէ՛ զօրակազմի տարածաշրջանէն ներս գտնուելու ժամկէտները եւ թէ հերթական հինգամեայ ժամկէտով անոր հաւանական երկարաձգման չափանիշները», յայտնեց Զախարովա ճեպազրոյցի ընթացքին։ Ան ըսաւ, որ ռուս խաղաղապահ զօրակազմը կը շարունակէ կայունացնող կարեւոր դերը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ «Անոր հիմնական գործառոյթը հրադադարի եւ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման դրութեան պահպանումն է։ Հաշուի առնելով տարածաշրջանէն ներս առկայ լարուած իրավիճակը՝ անոր գործունէութիւնը տարածաշրջանին մէջ ա՛լ աւելի պահանջուած է։ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան պահպանումը կը բխի ինչպէս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի, այնպէս ալ տարածաշրջանի երկիրներու, ներառեալ, կը կարծեմ՝ Թուրքիոյ շահերէն», ըսաւ Զախարովա։ Ի լրումն այս բոլորին, ռուս բանբերը աւելցուց, որ լաւ համակարգուած համագործակցութիւն մը կը ծաւալեն իրենց թուրք գործընկերներուն հետ՝ Աղտամի շրջանէն ներս տեղակայուած ռուս-թրքական համատեղ կեդրոնի շրջանակներէն ներս։
Ի միջի այլոց, իր յայտարարութիւններուն ժամանակ, Զախարովա նշեց, որ ներկայիս Մոսկուայի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում մը կազմակերպելու տեսակէտէ լաւ հնարաւորութիւններ կան։ Ներկայիս փորձագէտները աշխատանք կը տանին այս ուղղութեամբ եւ կ՚արժեւորեն յստակ ժամկէտներու վերաբերեալ առաջարկները։ Ռուսական կողմը յստակեցման պարագային այդ բոլորը արդէն կը պատրաստուի հրապարակել։
Հայաստանի եւ Արցախի առկայ դժուարութիւնները միշտ կը մնան նաեւ Ֆրանսայի տեսադաշտին մէջ։ Այսպէս, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի եւ Ծերակոյտի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբերը օրակարգի վրայ բերին պահանջ մը, որպէսզի Հայաստանի Սիւնիքի մարզէն ներս բացուի ֆրանսական հիւպատոսարան մը։