ԾԱՆՐ ՇԵՇՏԱԴՐՈՒՄՆԵՐ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի դէպի Ատրպէյճան պաշտօնական այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, զանազան վերլուծաբաններ կը դիտարկեն, թէ Վլատիմիր Փութինի այս այցելութեամբ կ՚ազդարարուի Հարաւային Կովկասէ ներս Ռուսաստանի ազդեցութեան նուազումը։ Մինչ այդ, թրքական աղբիւրներն ալ անդրադարձած են Պաքուի մէջ տեղի ունեցած՝ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի բանակցութիւններուն։ Տեղական մամուլը կը գրէ, որ Ալիեւի հետ հանդիպման ընթացքին Փութինի օրակարգին վրայ գտնուած թիւ մէկ խնդիրը եղած է ուժանիւթի արտածման հարցը։ Արդարեւ, Ուքրայնայի պատերազմին հետեւանքով՝ Մոսկուայի ենթարկուած Արեւմուտքի պատժամիջոցներուն զուգահեռ՝ Ռուսաստանի մէջ բնական կազի բնագաւառը տագնապի մատնուած է։ Փութինի ուղեւորութեան ընթացքին այս տագնապի այլընտրանքային տարանցումներով յաղթահարման շուրջ քննարկումներ ծաւալուած են։
Դիտորդները նկատած են, որ Փութինի այցելութիւնը բաւական համեստ արդիւնքներ ունեցած է։ Այս պայմաններուն ներքեւ վերլուծաբանները յառաջ կը քշեն այն մօտեցումը, թէ իրականութեան մէջ Փութինի հետապնդած նպատակը եղած է՝ ցոյց տալ, թէ իր երկիրը առկայ միջազգային մեկուսացումով հանդերձ ունի դաշնակիցներ։ Նոյն կապակցութեամբ ռուսական աղբիւրները կը մատնանշեն, թէ Մոսկուա-Պաքու համագործակցութիւնը տարածաշրջանային կայունութեան ազդակ մըն է։ Հայաստանի վերլուծաբաններուն ալ համոզումը այն է, թէ Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի շահերը կարգ մը հարցերու մէջ կը համընկնին եւ անոնք կը փորձեն յառաջ մղել զանոնք։
Նախագահ Ալիեւ եւ առաջին տիկին Միհրիպան Ալիեւա Փութինը շատ բարձր արարողակարգով եւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին։ Յամենայնդէպս, Պաքու ներկայիս կը հետեւի բազում ուղղութիւններով արտաքին քաղաքականութեան մը, զոր բաւական մարսած է։ Վերլուծաբաններ կը դիտարկեն, թէ Պաքուի այդ քաղաքականութիւնը այս պահու դրութեամբ լաւագոյնը կրնայ ըլլալ Մոսկուայի տեսակէտէ։ Ժպիտներու ետեւին Պաքու աւելի ու աւելի նախաձեռնութիւնը կը վերցնէ իր ձեռքը հզօր հարեւանին՝ Մոսկուայի հետ յարաբերութիւններուն մէջ։ Վլատիմիր Փութին, որ վեց տարուան ընդմիջումէ մը վերջ այցելեց Ատրպէյճան, իր վկայութիւններու լոյսին տակ արտայայտեց այն տպաւորութիւնը, թէ այդ երկիրը տարածաշրջանէն ներս ովասիս մը դարձած է։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն՝ ժպիտներու եւ գիրկընդխառնութիւններու ետեւին Ատրպէյճան կը ձգտի Ռուսաստանը դուրս թողել տարածաշրջանային քաղաքականութենէն, որուն մինչեւ վերջերս խորապէս ներգրաւուած էր ռուսական կողմը։ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացէն ներս տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման խնդրի խաղաղութեան պայմանագրի նախագծէն դուրս թողուիլն ալ ռուսական կողմին տեսակէտէ ձախողում մը կը նկատուի, որովհետեւ ան կը հաշուարկէր «Զանգեզուրի միջանցքը» վերահսկել։
Դիտորդները կը մատնանշեն նաեւ կարգ մը կարեւոր հարցեր, որոնց Փութին կամ Ալիեւ ուղղակիօրէն չեն անդրադարձած իրենց հրապարակային յայտարարութիւններուն մէջ։ Անոնցմէ մին է հիւպատոսութիւններու բացման խնդիրը, որուն չանդրադարձան երկու ղեկավարները։ Բաց աստի, Փութինի հիւրընկալուած Պաքուի մէջ կը շարունակեն պատանդ պահուիլ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին բազում ղեկավարներ, որոնց շարքին է Ռուբէն Վարդանեան, որ անցեալին եղած է Վլատիմիր Փութինի խորհրդատուն։ Ռուսաստանի Հայոց միութիւնը Փութինի այցելութենէն առաջ հանդէս եկած էր կոչով մը, որպէսզի ան Պաքուի մէջ բարձրաձայնէ հայ պատանդներու հարցը։ Յամենայնդէպս, ռուս ղեկավարի յայտարարութիւններուն մէջ այս խնդիրը որեւէ տեղ չգտաւ։
ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Փութինի Պաքու այցելութեան զուգահեռ՝ ուղեւորութեան համազօր արձագանգ ստեղծեց նաեւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի վերջին հարցազրոյցը, որու մէջ ան Հայաստանը մեղադրեց՝ Սիւնիքի մարզով հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը խափանարարելու մէջ։ Երէկ, Երեւան անմիջապէս արձագանգեց Մոսկուայէն հնչած այս տեսակէտին՝ այդ ալ բաւական ծանր շեշտադրումներով։ Այս նիւթին վերաբերեալ հարցումներուն պատասխանելով՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան հանդէս եկաւ ծաւալուն յայտարարութիւնով մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այսպէսով Երեւան կասկածի տակ առաւ Պաքուի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացէն ներս Մոսկուայի շինիչ ներգրաւուածութիւնը։ Անի Բադալեան յայտարարութեան մէջ ըսաւ.
«Հայաստանի վերաբերեալ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան արտաքին գործոց նախարարութեան զանազան պաշտօնեաներու՝ իրականութեան անհամապատասխան, ակնյայտօրէն կողմնակալ, յաճախ անարգալից մեկնաբանութիւնները, ցաւօք, վաղուց արդէն նորութիւն չեն եւ եթէ նկատած էք, տեւական ժամանակէ ի վեր մենք նոյնիսկ չենք անդրադառնար անոնց։ Այնուամենայնիւ, չենք կրնար չըսել, որ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան արտաքին գործոց նախարարի երէկուան յայտարարութիւնը ո՛չ միայն զուտ ափսոսանք կը յառաջացնէ, այլեւ կասկածի տակ կը դնէ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացէն ներս Ռուսաստանի Դաշնակցութեան շինիչ ներգրաւուածութիւնը»։
Յայտարարութեան տեւողութեան Անի Բադալեան դիտել տուած է նաեւ հետեւեալը. «Երբեմնի միջնորդական առաքելութիւն ստանձնած, 2020 թուականի նոյեմբերի 9-ի յայտարարութիւնը ստորագրած, անոր հիման վրայ տարածաշրջանէ ներս խաղաղապահ զօրախումբ տեղակայած պետութեան արտաքին գործոց նախարարը չի կրնար չտեսնել, թէ չկայ այդ յայտարարութեան գրեթէ մէկ առանցքային կէտ, որ անդառնալիօրէն խախտուած չըլլայ՝ հակառակ անոր ներքեւ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան ստորագրութեան եւ անով նախատեսուած գործընթացներէն ներս Ռուսաստանի Դաշնակցութեան մասնակցութեան ու պատասխանատուութեան։ Կը կարծենք նաեւ, թէ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան արտաքին գործոց նախարարը քաջատեղեակ է, որ հրապարակային փաստաթուղթերէն դուրս՝ Հայաստան որեւէ այլ պայմանաւորուածութեան մաս չի կազմեր, հետեւաբար չի կրնար խափանարարութեան ենթարկել զանոնք»։
Այս կէտէն սկսեալ, բանբերը հարկ համարած է ընդգծել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ներկայացուցած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը արդէն իսկ լայն ճանաչում ունի միջազգային հանրութեան շրջանակներէն ներս։ Այդ մէկը քանի մը անգամ ներկայացուած է նաեւ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն։ «Կը վերահաստատենք, թէ այս շրջանակներէն ներս տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացումը հնարաւոր է բառացիօրէն ամէն պահ։ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը դրական արձագանգի արժանացած է շարք մը միջազգային գործընկերներու կողմէ եւ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան արտաքին գործոց նախարարութեան գործընկերներուն կոչ կ՚ուղղենք կողմնակալ յայտարարութիւններով խափանարարութեան չենթարկել այդ մէկը, ոչ ալ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան հասնելու ջանքերը», ըսաւ Անի Բադալեան։
Հուսկ, բանբերին յայտարարութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը բազմիցս վերահաստատած է եւ հիմա ալ կը վերահաստատէ իր հաւատարմութիւնը խաղաղութեան օրակարգին նկատմամբ եւ իր բաժին աշխատանքը կը կատարէ այդ օրակարգը բարեյաջող իրականացնելու համար։
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Միւս կողմէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանագները տեղեկացուց, որ պատրաստ է աշխատիլ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ որեւէ ձեւաչափով, որուն կը համաձայնին կողմերը եւ ուր անոնք կրնան յառաջընթաց արձանագրել։
ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութենէն պատասխանեցին «Ամերիկայի ձայնը»ի հայկական ծառայութեան հարցման, որ կը վերաբերի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի ձեւաչափի ապագային ու անոր շուրջ ամերիկեան կողմի դիրքորոշման։ Ի պատասխան՝ ամերիկեան դիւանագիտական աղբիւրները մատնանշեցին հետեւեալը.
«ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը կ՚աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ջանքերուն՝ հասնելու կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան համաձայնագրին։ Մենք պատրաստ ենք աշխատիլ երկու կողմերուն հետ որեւէ ձեւաչափով, որու շուրջ կողմերը կրնան գալ համաձայնութեան եւ ուր կրնան արձանագրել յառաջընթաց»։