ԱՐՑԱԽԸ ԴԷՊԻ ԿԱԶՄԱԼՈՒԾՈՒՄ

Այսօր Սեպտեմբերի 21-ն է եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր անկախութեան 32-րդ տարեդարձը կը նշէ՝ ցարդ տօնախմբուածներէն բոլորովին տարբեր պայմաններու ներքեւ։ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ ձեռնարկուած հակաահաբեկչական միջոցառումներու յատուկ գործողութիւնները արդէն շուրջ մէկ օրուան ընթացքին հասան իրենց նպատակին։ Արցախեան շարժման մթնոլորտին մէջ ծնունդ առած էր Հայաստանը եւ անոր անկախութեան 32-րդ տարեդարձը կը համընկնի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կազմալուծման սկզբնաւորման։ Արդարեւ, Ստեփանակերտի ղեկավարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ անվերապահօրէն կ՚ընդունի Պաքուի պահանջները։ Սա գործնականին մէջ կը նշանակէ, որ Արցախը կ՚ըլլայ անձնատուր, այլեւս կը յանձնուի։ Ստեփանակերտ համաձայնած է, որ Արցախի Պաշտպանութեան բանակը ամբողջութեամբ լուծարուի եւ այդ սպիտակ դրօշի պարզուելուն զուգահեռ՝ անոր զէնք ու զինամթերքն ալ դուրս պիտի բերուին ու պիտի ոչնչացուին։ Լեռնային Ղարաբաղ համաձայնած է նաեւ իր հայ բնակչութիւնը Ատրպէյճանի հետ վերահամարկելու օրակարգին։ Այս ուղղութեամբ այսօր արդէն առաջին բանակցութիւնները Ատրպէյճանի Եւլախ քաղաքին մէջ սկսան՝ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան միջնորդութեամբ։

Թէեւ երէկ կէսօրուան ժամերէն սկսեալ հրադադարի հաստատման մասին պաշտօնապէս լուրեր հաղորդուեցան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ տեղեկացուց, որ յանձնարարուած բոլոր առաջադրանքները ընդամէնը մէկ օրուան ընթացքին կատարուած են, սակայն, հայկական լրահոսին մէջ միշտ նկատելի է, թէ Ստեփանակերտը միշտ կ՚ենթարկուի կրակոցներու յարակից շրջաններէ։

Առկայ անորոշ իրավիճակին մէջ իրադարձութիւններու շարունակութեան կը սպասուի ուշադրութեամբ՝ մինչ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ հաղորդեց, որ Ատրպէյճանի զօրքերը երէկ հերթական անգամ թիրախաւորած են սահմանամերձ Սոթքը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2023