ՎԻԹԽԱՐԻ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ
Աշխարհահռչակ երաժիշտ Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120-ամեակի յոբելեանը առիթ կը դառնայ թէ՛ անոր վիթխարի ժառանգութիւնը արժեւորելու եւ թէ այդ ժառանգութեամբ ներշնչուելու։ Արամ Խաչատուրեանի պարագային խօսքը այնպիսի մեծութեան մը կը վերաբերի, որ իրմէ աւանդուածին մեր օրերուն վերարժեւորումն ու վերարտադրումը չի սահմանափակուիր երաժշտութեան կամ ընդհանրապէս գեղարուեստական շրջանակով։ Արդարեւ, Արամ Խաչատուրեանի մարմնաւորած կերպարը ունի բոլոր ժամանակներուն ուղղեալ պատգամ մը, որ իր ծածկոյթին տակ կ՚առնէ ընդհանրապէս հասարակական կեանքը, նաեւ կը պայմանաւորէ յարաբերութիւններու ձեւ մը եւ դրուածք մը։
Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան նախաձեռնութեամբ, Արամ Խաչատուրեանի յոբելեանին առթիւ երէկ երեկոյեան կազմակերպուած երեկոյթին թէ՛ մթնոլորտը եւ թէ մակարդակը համահունչ էին այս բոլորին։ Սա իսկապէս պատմական նախաձեռնութիւն մըն էր, որ առանձնացաւ իր որակով, մանաւանդ՝ անմոռանալի արուեստագէտին վերաբերեալ փոխանցուած վառ վկայութիւններով, որոնք եկան վերահաստատել անոր անժամանցելի մեծութիւնը, համամարդկային հասարակաց հարստութեան մը վերածուած արտադրանքին անծայրածիր բնոյթը։
Երէկուան ձեռնարկը զուգադիպեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տարեդարձին՝ 21 Սեպտեմբերի նախօրեակին։ Թէեւ առաջին անգամ չէ որ այս շարժառիթով ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի մէջ, սակայն առաջին անգամ թուականը համընկնեցաւ եւ երէկուան հաւաքոյթը նախատօնակի մը վերածուեցաւ։ Դժբախտաբար, Արամ Խաչատուրեանի յոբելեանին առթիւ այսօր նախատեսուած համերգը վերջին պահուն կամքէ անկախ պատճառներով յետաձգուեցաւ։ Այլապէս, ճիշդ Սեպտեմբերի 21-ին ձեռնարկ մը տեղի ունեցած պիտի ըլլար, թէկուզ տարբեր շարժառիթով, բայց այդ իսկ օրով։ Յամենայնդէպս, համերգի յետաձգման պատճառով յառաջացած յուզումը երէկուան երեկոյթով հնարաւորինս հաւասարակշռուեցաւ, որովհետեւ իսկապէս շատ բարձր տրամադրութիւն տիրեց բոլոր փուլերուն։ ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութիւնը երկու օրերու վրայ տարածուած համապարփակ ծրագիր մը նախատեսած էր Արամ Խաչատուրեանը վերյիշելու համար, թէեւ այդ ծրագիրը մասամբ կեանքի կոչուեցաւ, սակայն ամէն ինչ իսկապէս եղաւ լի ու լի։
Պէյօղլուի «Pera» թանգարանի երդիքին տակ երէկ երեկոյեան Արամ Խաչատուրեանի 120-ամեակին առթիւ կազմակերպուած երեկոյթի հիւրընկալներն էին՝ ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան եւ կողակիցը՝ Արփինէ Աւդալեան։ Կարգադիր յանձնախումբը բծախնդրութեամբ յառաջ տարած էր նախապատրաստական բոլոր աշխատանքները։ Սահակ Սարգսեան-Արփինէ Աւդալեան ամոլը մի առ մի դիմաւորեց բոլոր հիւրերը, որոնք թանգարանի պատմական համալիրի սրահը առաջնորդուեցան եւ իրենց ներկայացուած եռալեզու գրքոյկէն հետեւեցան յայտագրին։ Ներկաներու շարքին էին ՍԾՏՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար դեսպան Լազար Քոմանեսքու, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, զանազան երկիրներէ աւագ հիւպատոսներ եւ Իսթանպուլի օտարերկրեայ առաքելութիւններէն բարձրաստիճան դիւանագէտներ, ՍԾՏՀԿ-ի միջազգային քարտուղարութենէն պաշտօնատարներ, հոգեւոր առաջնորդներ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, հասարակական ու մշակութային գործիչներ, փոքրամասնական համայնքներէն դէմքեր եւ թրքահայ շրջանակներէն վարչայիններ։
Երեկոյթին յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Գարոլին Մամիկոնեանի, որ ներկաները ողջունեց հայերէնով, անգլերէնով եւ թրքերէնով։ Բացման խօսքը արտասանեց Սահակ Սարգսեան, որմէ վերջ արտայայտուեցան դեսպան Լազար Քոմանեսքու, ինչպէս նաեւ այս նախաձեռնութեան գործակից կառոյցներու ղեկավարները՝ «Pera» թանգարանի տնօրէն Էօզալփ Պիրոլ եւ Իսթանպուլի Ֆիլհարմոնիի միութեան նախագահ Աթիլլա Թունա։
Այս բոլորէն վերջ սկսաւ ասուլիսը, որու նիստավարն էր ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, որ միեւնոյն ժամանակ կարգադիր յանձնախումբի համակարգողն էր։ Այս վերջինը հակիրճ ներածական մը խօսեցաւ, իսկ աւելի վերջ արդէն օրուան ատենախօսները հանդէս եկան իրենց ելոյթներով։ Ասուլիսի մասնակիցներն էին մեծանուն դաշնակահար Շահան Արծրունի, որ այս առթիւ Նիւ Եորքէն յատկապէս հրաւիրուած էր եւ յայտնի երաժիշտ Եիւքսէլ Քոփտակէլ։ Թէեւ ասուլիսը չորս ատենախօսներով ծրագրուած էր, սակայն վերջին պահուն առնուած համերգի յետաձգման որոշման պատճառով Երեւանէն չէր ժամանած «Խաչատուրեան» եռեակի դաշնակահարուհի Արմինէ Գրիգորեան, որ միեւնոյն ժամանակ Երեւանի Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանի տնօրէնուհին է։ Անակնկալ անհանգստութեան հետեւանքով մետասաներորդ պահուն չկարողացաւ մասնակցիլ նաեւ երաժշտական քննադատ Էվին Իլեասօղլու։ Ուստի, երկու ատենախօսներով կեանքի կոչուեցաւ յայտագիրը։ Յամենայնդէպս, ասուլիսը շատ շահեկան էր, որովհետեւ թէ՛ Շահան Արծրունի եւ թէ Եիւքսէլ Քոփտակէլ Արամ Խաչատուրեանին հետ կենդանութեան օրօք հանդիպած էին, ունեցած էին նամակագրութիւններ եւ այդ վառ վկայութիւններուն փոխանցումը իսկապէս տարբեր խորք մը եւ վաւերականութիւն մը վերագրեց անոնց ելոյթներուն։ Շահան Արծրունի Նիւ Եորքի մէջ հանդիպած էր Արամ Խաչատուրեանին եւ այդ վկայութիւնը փոխանցելու ժամանակ ան իսկապէս համաշխարհային եւ հայ երաժշտութեան ամբողջին մէջ Արամ Խաչատուրեանը դիրքաւորեց դիպուկ արտայայտութիւններով, նաեւ այնքան վարպետօրէն մատնանշեց Խաչատուրեանին կողմէ պատկանելիութեան պարագային ցուցաբերուած զգայնութիւնները։ Եիւքսէլ Քոփտակէլ, որ Փարիզի մէջ տեսակցած էր Արամ Խաչատուրեանին հետ եւ աւելի վերջ ալ անկէ ստացած էր նամակ մը, այդ բոլորը ներկայացուց շատ հաղորդական ոճով։ Արամ Խաչատուրեանի նման երաժշտական անկրկնելի հանճարը ներկայացնելու ժամանակ Եիւքսէլ Քոփտակէլ յաջողեցաւ ներկայացուցած կերպարին մասնագիտական հեղինակութիւնը եւ մարդկային առաքինութիւնը այնպիսի հաւասարակշռութեան մը մէջ մատուցել, որ բոլորը կարծես պահ մը կարողացան երեւակայական աշխարհի մը մէջ գլուխ-գլուխի մնալ իրենց սեփական Արամ Խաչատուրեանին հետ։
Ասուլիսի աւարտին բոլորը համախմբուեցան «Pera» թանգարանի ընդարձակ սրճարանին մէջ, որ ընդունելութեան սրահի մը վերածուած էր։ Սա այն փուլն էր, որ հանդիսացաւ երեկոյթի թագն ու պսակը՝ քանի Արամ Խաչատուրեանի մասին սրահին մէջ այդքան լսելէ վերջ, ներկաները հնարաւորութիւն ունեցան անոր երաժշտութեան հետ կենդանի շփում ունենալու։ Շահան Արծրունի այս փուլին բոլորի ծափահարութիւններուն ներքեւ անցաւ սրահի կեդրոնին զետեղուած դաշնամուրին գլուխը։ Հարկ է նշել, որ Իսթանպուլի Ֆիլհարմոնիի միութեան ջանքերով, երէկուան հաւաքոյթին համար ապահովուած էր, որ «Pera»ի թանգարանը տարուէր՝ դասական երաժշտութեան Թուրքիայէն հասած յայտնի վարպետներէն մէկուն՝ Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյի «Շթայնուէյ» դաշնամուրը։ Պատմական նուագարանին գլուխը անցաւ Շահան Արծրունի, որ աշխարհի վրայ՝ թիւով հազիւ 250 «Շթայնուէյ»ի արուեստագէտներու շարքին է։ Այս փուլին ան բոլոր ներկաները իսկապէս հմայեց։ Թէեւ Արծրունի Խաչատուրեանէն միայն մէկ-երկու գործ նուագեց, սակայն բոլորին առթեց երաժշտահանդէսի մը մասնակցած ըլլալու նման յագեցման զգացում։
Արծրունիի համար ծափահարութիւններու այս տարափի մթնոլորտին մէջ Սահակ Սարգսեան անոր յանձնեց յուշանուէր մը՝ արտայայտելով իր շնորհաւորութիւններն ու երախտագիտութիւնը։ Այս փուլին Սահակ Սարգսեանի ձեռամբ յուշանուէրներ ստացան նաեւ ասուլիսի միւս մասնակիցները՝ Եիւքսէլ Քոփտակէլ եւ Արա Գօչունեան։ Ի շարունակութիւն, Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչը յուշանուէրներ յանձնեց նաեւ Էօզալփ Պիրոլին, Աթիլլա Թունային, ծրագրի գործակից «FlyOne Armenia» օդային ընկերութեան Իսթանպուլի ներկայացուցիչ Պերճուհի Սէօյիւթին, ինչպէս նաեւ կարգադիր յանձնախումբի կազմէն Արթիւր Պաղտասարեանին եւ Թալին Սիւզմէին, որոնք կազմակերպչական աշխատանքներուն բերած իրենց բացառիկ ներդրումով մասնաւոր գնահատանքի արժանի նկատուած էին։
Յուշանուէրներու յանձնումէն վերջ, նոյն սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւնը, որու ընթացքին ներկաներուն մատուցուեցան արեւմտահայ խոհանոցի բնորոշ համադամներ, Հայաստանէն բերուած ըմպելիներ եւ նոյնպէս Հայաստանի մէջ արտադրուած տուրմեր։ Սահակ Սարգսեան այս փուլին անմիջական զրոյցներ ունեցաւ պաշտօնական հիւրերուն եւ բոլոր ներկաներուն հետ։ Դեսպան Լազար Քոմանեսքու եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այդ զրոյցներուն ընթացքին բարձր գնահատեցին Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան կողմէ կազմակերպուած հանդիսութիւնը։ Ընդունելութեան ընթացքին Սահակ Սարգսեան ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուաւ նաեւ Շահան Արծրունիին եւ Եիւքսէլ Քոփտակէլին նկատմամբ։
Հիւրերու մեկնումէն վերջ սրահին մէջ արդէն գլուխ-գլուխի մնացին Սահակ Սարգսեանը, կարգադիր յանձնախումբի անդամներն ու Հայաստանի ներկայացուցչութեան անձնակազմը, որոնք զիրար շնորհաւորեցին ապահովուած դրական արդիւնքին համար։ Բոլորը Սահակ Սարգսեանին շնորհակալութիւն յայտնեցին, որ հերթական անգամ իրենց նկատմամբ վստահութիւն ցուցաբերած էր՝ այսպիսի կարեւոր մշակութային նախագծի մը կեանքի կոչման ճանապարհին։
Ինչպէս կարգադիր յանձնախումբի անդամներուն, այնպէս ալ բոլոր հիւրերուն հրաժեշտի փուլին նուիրուեցան՝ Հայաստանի զինանշանով տոպրակներ, որոնք կը պարունակէին խորհրդանշական իրեր, Արամ Խաչատուրեանի վերաբերեալ յիշատակներ։