ԱՅՍՕՐ ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՒԱՔ
Իսրայէլ-Պաղեստին պատերազմը կը շարունակուի ամենայն սաստկութեամբ։ Կազզէի հատուածին վրայ բառին բուն իմաստով կրակ կը տեղայ՝ մինչ միջազգային հանրութիւնը կը բարձրաձայնէ իր խոր մտահոգութիւնը, սակայն գործնական իմաստով ոչինչ ընել կարելի կ՚ըլլայ։ Առկայ ողբերգութիւնը կանխելու առաջադրութեամբ այսօր Գահիրէի մէջ տեղի կ՚ունենայ կարեւոր գագաթաժողով մը՝ Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսիի տանտիրութեամբ։ Այս գագաթաժողովին կը մասնակցի նաեւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան։ Հարկ է նշել, որ ժողովին ընդառաջ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ իր եգիպտացի պաշտօնակցին՝ Էլ Սիսիի հետ։ Երկու ղեկավարները անդրադարձան Կազզէի առկայ ողբերգութեան վրայ։ Բաց աստի, նախագահ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Լիպիոյ վարչապետ Ապտիւլհամէտ Տիպէյտէն, որ առկայ ողբերգութիւնը կանխելու առաջադրութեամբ դիւանագիտական շրջագայութեան մը ձեռնարկած է։ Գահիրէ մեկնելէ առաջ Հաքան Ֆիտանն ալ երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարար Ճէյմս Քլեւըրլին։
Կը հաղորդուի, որ Գահիրէի այսօրուան համախմբման հրաւիրուած են ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես, ինչպէս նաեւ Քաթարի, Յունաստանի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Պահրէյնի, Քուէյթի, Սէուտական Արաբիոյ, Իրաքի, Իտալիոյ, Հարաւային Ափրիկէի, Յունական Կիպրոսի ղեկավարները։ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելը, Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելը, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննան եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոքն ալ այս գագաթաժողովի մասնակիցներու շարքին տեղ կ՚առնեն։
Վերջին օրերուն Ամմանի մէջ նախատեսուած էր նաեւ այլ գագաթաժողով մը՝ Յորդանանի, Եգիպտոսի, Պաղեստինի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ, սակայն այդ քառակողմանի ժամադրութիւնը վերջին պահուն յետաձգուած էր Կազզէի մէջ հիւանդանոցի մը թիրախաւորման հետեւանքով։ Ուստի, Գահիրէի այսօրուան գագաթաժողովը կը համախմբէ միջազգային յառաջատար դերակատարները, որոնց քննարկումները պիտի կեդրոնանան Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութիւնը երկու պետութիւններու ստեղծման հիմքով կարգաւորելու նպատակին վրայ։ Եգիպտական կողմը համոզուած է, թէ այս գագաթաժողովը կրնայ նպաստ մը բերել՝ բախումներու կասեցման ուղղեալ միջազգային ջանքերու հաւասարակշռման առումով։ Յամենայնդէպս, քաղաքական մեկնաբանները միանշանակ համոզուած չեն, թէ Գահիրէի այսօրուան գագաթաժողովէն վերջ դաշտի վրայ որպէս գործնական արդիւնք կրնայ մեծ փոփոխութիւն մը արձանագրուիլ։