ԲՆԱԿԱՐԱՆԱՇԻՆՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ քաղաքիս Յունական համայնքային վաքըֆներու խրախուսման միութիւնը (RUMVADER) հետեւողական ջանքեր կը գործադրէ՝ տարեմուտի երկրաշարժին հետեւանքները մեղմելու ուղղութեամբ։ Այսպէս, RUMVADER-ի եւ Հաթայի յոյն ուղղափառ վաքըֆներուն միջեւ վերջերս ստորագրուած է պայմանագիր մը, որով կը նախատեսուի աղիտեալներուն համար փրէֆապրիք բնակարաններ կառուցել։
Արսուզի քաղաքապետարանին կողմէ յատկացուած տարածքին վրայ յառաջիկայ շրջանին աղիտեալներու համար պիտի կառուցուի 35 փրէֆապրիք բնակարան։ Անցեալ ամիսներուն բծախնդիր նախապատրաստական աշխատանքներ տարուած են՝ ծրագրաւորումներու եւ կարիքներու յստակեցման համար։ Հուսկ, ներկայիս գործնական աշխատանքի փուլը հասած է։ Կ՚ենթադրուի, որ փրէֆապրիք բնակարանները երեք ամսուան մէջ պատրաստ ըլլան։
Նախագիծը կը գանձատրուի՝ RUMVADER-ի միջնորդութեամբ ապահովուած նուիրատուութիւններով։ Բացի Յունաստանէն չորս բարերարի, այս նախաձեռնութեան համար նիւթական միջոցներ յատկացուցած են կարգ մը հիմնադրամներ, ինչպէս նաեւ Սուրբգրոց ընկերութիւնը։