ԲԱՑ ԿՈՎԿԱՍԻ ՏԵՍԼԱԿԱՆԸ
Հարաւային Կովկասի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար յայտարարեց, որ Հայաստանի տարածքով որեւէ ճանապարհ պէտք է վերահսկուի նոյնինքն Հայաստանի կողմէ։
Եւրոպացի պաշտօնատարը «Արմէնփրէս»ին տուած բացառիկ հարցազրոյցին մէջ անդրադարձաւ Հարաւային Կովկասէ ներս հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հեռանկարներուն։ Ան համոզուած է, թէ այս համատեսքին մէջ որեւէ ճանապարհ կամ երկաթուղի, որ Հայաստանի տարածքով կ՚անցնի, պէտք է վերահսկուի Հայաստանի կողմէ։ Քլաար խօսեցաւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ առաջարկուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին մասին։ Բաց աստի, ան կանգ առաւ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրին, նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հայոց՝ իրենց բնակավայրերը երաշխաւորուած, անվտանգ վերադարձին վրայ։
«Վարչապետ Փաշինեանի տեսլականը՝ երկիրները միաւորող ճանապարհային եւ երկաթուղային կապերու վերաբերեալ, բան մըն է, որ մենք միանգամայն կը բաժնենք։ Մենք բացարձակապէս կը բաժնենք բաց Հարաւային Կովկասի տեսլականը, ուր երկաթուղային եւ ճանապարհային կապերը բաց են ու երկիրները կը միաւորուին այնպէս, ինչպէս եղած են Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանի վերջին եւ նոյնիսկ աւելին։ Ճանապարհային եւ երկաթուղային կապերը թէ՛ Թուրքիա եւ թէ, բնականաբար, Իրան, ինչ որ արդէն պատրաստ է, նոյնպէս պէտք է բաց ըլլան։ Ահա թէ մենք ինչպէ՛ս կը տեսնենք ապագան։ Բացարձակապէս խաղաղ Հարաւային Կովկասի մեր տեսլականն է, որ այս փոխադրութեան կապերը կրկին բաց ըլլան, ըլլայ առեւտուր եւ ըլլան մարդիկ, որոնք կը ճամբորդեն զանազան սահմաններով», ըսաւ Թոյվօ Քլաար։
Միւս կողմէ, ան յայտնեց, որ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել տակաւին կը փափաքի ու պատրաստ է՝ հնարաւորինս արագ Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը կազմակերպել Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ։