ԴԱՐՁԵԱԼ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր, նահատակեալ լրագրող Հրանդ Տինքի ոճրագործը՝ Օկիւն Սամաստ թէեւ բանտէն դուրս եկած է, սակայն, ըստ վերջին իրադարձութիւններուն, դժուար թէ կարողանայ այդպէս շարունակել։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Օկիւն Սամաստ բանտէն դուրս գալով պահ մը կարծած է, թէ այլեւս փրկուած է, սակայն ներկայիս նոր մեղադրանքներու, հետեւաբար նաեւ նոր դատավարութեան մը դէմ յանդիման կը գտնուի։ Ինն տարի առաջ ՖԵԹԷՕ-ի կապակցութեամբ իր կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները այս փուլին համարուած են ապացոյց ու մաս կազմած՝ իր պարագային կազմուած նոր ամբաստանագրին։

Իսթանպուլի Հանրապետական աւագ դատախազութեան կողմէ Օկիւն Սամաստի պարագային պատրաստուած նոր մեղադրագիրը դատական իշխանութիւններուն կողմէ պիտի արժեւորուի 15 օրուան ընթացքին։ Այդ մեղադրականը պիտի ընդունուի կամ պիտի մերժուի, նաեւ պիտի գնահատուի ժամկէտանց դարձած ըլլալու կամ չըլլալու տեսանկիւնէն։

Նոր մեղադրականին մէջ ընդգծուած է, որ Օկիւն Սամաստ թէեւ չէր անդամակցեր ՖԵԹԷՕ ահաբեկչական զինեալ կազմակերպութեան, սակայն անոր անունով յանցանք գործած է։

Այս նոր ամբաստանագրին մէջ ալ շեշտուած են Եասին Հայալի, Էրհան Թունճէլի եւ ՖԵԹԷՕ-ի ոստիկանական համակարգի դրածոներէն Ռամազան Աքեիւրէքի եւ Ալի Ֆուատ Եըլմազէլի անունները, որոնք առաջին իսկ օրէն շրջանառութեան մէջ են այս գործի պարագային։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2023