ԼՈՆՏՈՆԻ ԵՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ԱՇԽՈՅԺ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Անգլիոյ Եւրոպայի հարցերով նախարար Լէօ Տոքերթի երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ընկերային ցանցերու վրայ ան գրառումով մը ուրախութիւն յայտնեց՝ դէպի Հարաւային Կովկաս իր ուղեւորութեան մեկնարկին կապակցութեամբ։ Երեւանի մէջ ան ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, քննարկումներ ծաւալուեցան տարածաշրջանային անվտանգութեան ոլորտէն ներս համագործակցութեան վերաբերեալ։

Փաշինեան եւ Տոքերթի կարծիքներ փոխանակեցին խաղաղութեան եւ կայունութեան, ինչպէս նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ այլ հարցերու շուրջ։ Վարչապետը նշեց, որ Երեւան-Լոնտոն յարաբերութիւնները ունին աշխոյժ բնոյթ։ Ան կարեւորեց կողմերու միջեւ ռազմավարական երկխօսութեան առաջին նիստը, որ տեղի ունեցաւ վերջին օրերուն։ Փաշինեան համոզուած է, թէ երկկողմանի համագործակցութիւնը ունի մեծ ներուժ եւ բարձր մակարդակով փոխադարձ այցելութիւնները կը նպաստեն անոր լիարժէք իրականացման։ Տոքերթի շեշտեց, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի վերջին օրերուն Լոնտոն կատարած պաշտօնական այցելութիւնը նոր ազդակ կը հաղորդէ երկկողմանի յարաբերութիւններու ընդլայնման ու խորացման։ Ան շեշտեց, որ իր երկիրը շահագրգռուած է Հայաստանի հետ համագործակցութեան խորացմամբ։

Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ հարցերու։ Շեշտուեցաւ Պրիւքսելի մէջ կազմակերպուած եռակողմանի հանդիպումներով համաձայնեցուած սկզբունքներուն հիման վրայ խաղաղութեան գործընթացը շարունակելու կարեւորութիւնը։

Քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանեալ անձերու մարդասիրական խնդիրներուն եւ անոնց յաղթահարման ուղղութեամբ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուած քայլերուն վերաբերեալ հարցեր։ Այս առումով կարեւորուեցաւ նաեւ միջազգային հանրութեան կողմէ մարդասիրական աջակցութիւնը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2023