ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Պոստոնի մէջ տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ մամուլին տեսակէտէ յատկանշական յոբելենական հանդիսութիւն մը։ Այսպէս, Պէօրլինկթընի «Marriott» պանդոկէն ներս նշուեցաւ «The Armenian Mirror-Spectator» շաբաթաթերթի հիմնադրութեան 90-ամեակը։ Անգլիատառ այս շաբաթաթերթը մասնաւորապէս ամերիկահայ շրջանակներէ ներս՝ հանրային կարծիք պատրաստելու առումով խոր աւանդոյթներով լրատուամիջոց մըն է, իւրացուցած ըլլալով ռամկավար աշխարհահայեացքը։

«The Armenian Mirror-Spectator»ի յոբելեանը համախմբեց ամերիկահայ շրջանակներէն հոծ թիւով ներկաներ։ Նիքոլ Պապիկեան Հաժժարի կողմէ գլխաւորուած կարգադիր յանձնախումբը անթերիօրէն կազմակերպած էր ձեռնարկը։

Յայտագիրը գործադրուեցաւ յայտնի կատակերգակ Սօնա Մովսէսեանի հանդիսավարութեամբ։ Գեղարուեստական բաժնին մէջ հանդէս եկաւ յայտնի «Զուլալ» երգչախումբը, որու կատարումները ոգեւորեցին մըթ-նոլորտը։

Երեկոյթի պատուոյ հիւրերէն էր ամերիկահայ յայտնի գործարար ու բարերար Նուպար Աֆէեան, որ շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ։ Ամերիկահայ յայտնի հաղորդավար Տէյվիտ Իկնաթիուս եւս ներկայ էր ձեռնարկին եւ արտասանեց իր սրտի խօսքը։ Ան, ըլլալով «The Washington Post»ի աշխատակիցը, դրուատիքը հիւսեց «The Armenian Mirror-Spectator»ի ճոխ բովանդակութեան։ Ան շեշտեց, որ յոբելեար շաբաթաթերթը ամերիկահայ լրագրական տարեգրութեանց մէջ ունի եզակի դիրք մը։  90-ամեակին առթիւ յոբելեար թերթի խմբագրութեան տնօրէն Արամ Արքուն առ ի երախտագիտութիւն յուշանուէր մը յանձնեց երկար տարիներու նուիրեալ Գէորգ Մարաշլեանին, որ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափի մասնաճիւղը կը գլխաւորէ, ատենապետն է «Պայքար» հաստատութեան, որ այս շաբաթաթերթի հրատարակիչն է, նաեւ փոխ-ատենապետը՝ Թէքէեան մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան։ Ներկաները ծափահարեցին Մարաշլեանի կողմէ տարիներէ ի վեր լուռ ու մունջ մատուցուած ծառայութեան համար։

Յոբելենական ձեռնարկը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի նուիրատուութիւններ ալ հանգանակուին՝ Արցախէն տարհանեալներու կարիքներու դիմագրաւման համար ստեղծուած ֆոնտին։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2023