ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԿՈՉԸ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Կովկասէ ներս նոր խաղերու հետամուտ են անոնք, որոնք ջանացին Կիպրոսի թուրքերը շրջափակումներով ետ կասեցնել իրենց արդար դատէն։
Նախագահ Էրտողան երէկ, Անգարայի մէջ գլխաւորեց կառավարութեան ժողովը, որու աւարտին յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Պեշթեփէի համալիրէն ներս։ Բազմաթիւ նիւթերու շարքին այս փուլին ան անդրադարձաւ նաեւ Կովկասի իրադրութեան։ Այսպէս, Էրտողան ըսաւ.
«Արեւմտեան կարգ մը ուժեր տակաւին չեն կրցած ըմբռնել, թէ Ղարաբաղի պատերազմով մեր տարածաշրջանէն ներս բոլորովին նոր շրջան մը սկսած է։ Անոնք, որոնք տարիներով Հայաստանը գրգռելով այս աշխարհագրութեան բնակիչ բոլոր մարդոց ցաւ ու նեղութիւն պատճառեցին եւ կռիւներու վրայով շահ ապահովեցին, իրականութեան մէջ ամենէն մեծ վնասը հասցուցին հայերուն։ Անիրականանալի խակ երազներ հրահրելով անոնք հայերը չարաշահեցին, գործածեցին։ Հայաստան այլեւս պէտք է տեսնէ այս իրականութիւնը, պէտք է ընդունի զայն։ Ճիշդ պիտի ըլլայ, որ հայ ժողովուրդն ու ղեկավարները անվտանգութիւնը ո՛չ թէ փնտռեն հազարաւոր քիլօմեթր հեռաւորութեամբ, այլեւ հարեւաններու հետ խաղաղութեան եւ համագործակցութեան մէջ։ Հայաստանին կոչ կ՚ուղղեմ, որպէսզի բռնէ Ատրպէյճանի մեր եղբայրներուն կողմէ մեկնած խաղաղութեան ձեռքը»։