«ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԱՇԽՈՒԺՕՐԷՆ Կ՚ԱՇԽԱՏԻՆ «ԶԱՆԳԵԶՈՒՐԻ ՄԻՋԱՆՑՔ»ԻՆ ՀԱՄԱՐ»

Հաղորդակցութեան նախարար Ապտիւլքատիր Ուրալօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիա Ատրպէյճանի հետ աշխուժօրէն կ՚աշխատի՝ «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացման հարցին մէջ։

«Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով, Ապտիւլքատիր Ուրալօղլու Պաքուի մէջ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին նշեց, որ երկու երկիրները աշխուժօրէն կ՚աշխատին այս ուղղութեամբ։

«Այս միջանցքը Հայաստանի՞, թէ Իրանի տարածքով պիտի անցնի, սա պիտի որոշեն Ատրպէյճանի մեր եղբայրները։ Ապա այդ միջանցքը Նախիջեւանով կ՚անցնի Թուրքիա։ Անգարա այս նախագիծը արդէն աւարտած է, մրցոյթը կազմակերպուած է եւ մօտ օրերս կը սկսին շինարարական աշխատանքները՝ ուղիղ փոխադրութեան կապ ապահովելու համար Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ», ըսաւ Ապտիւլքատիր Ուրալօղլու։

Ուրալօղլու COP29 գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս կազմակերպուած՝ «Կայուն, թուային Միջին միջանցք եւ ոչ միայն» նիւթով նախարարական կլոր սեղանին մասնակցութիւն բերաւ Պաքուի մէջ։ Իր խօսքով՝ Թուրքիա աշխուժօրէն կ՚աշխատի Զանգեզուրով առանձին երթուղի մը ստեղծելու ուղղութեամբ՝ Ատրպէյճանի հետ Միջին միջանցքով բեռնափոխադրումներու իրականացման համար։ Ուրալօղլու շեշտեց, որ Թուրքիա կը գտնուի փոխադրութեան միջանցքներու կեդրոնին եւ առանցքային դեր կը խաղայ միջմայրցամաքային միջանցքներու արդիւնաւէտ օգտագործման ուղղութեամբ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2024