ՀԱՐԵՒԱՆՆԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ։ Երեւանի աղբիւրները հաղորդեցին, որ քննարկուեցան Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերը, նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ երկկողմանի համաձայնութիւններու իրականացման ընթացքին։ Կարծիքներ փոխանակուեցան «3+3» տարածաշրջանային հարթակին վերաբերեալ, կողմերը օգտակար նկատեցին Իրանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած վերջին հանդիպումը։
Թեհրանի աղբիւրներն ալ հեռախօսազրոյցի կապակցութեամբ հրապարակեցին մանրամասնութիւններ։ Այսպէս, Ռայիսի յայտնած է, որ Կովկասը պէտք չէ վերածուի արտատարածաշրջանային երկիրներու մրցակցութեան դաշտին, առկայ հարցերը պէտք է լուծեն տարածաշրջանի երկիրները՝ առանց այլ կողմերու միջամտութեան։ Ռայիսիի խօսքով՝ Իրան կ՚աջակցի տարածաշրջանէն ներս հաղորդակցութեան ուղիներու եւ ենթակառուցուածքներու բացման ուղղեալ որեւէ տեսակի գործողութեան կամ հարթակի՝ յարգելով բոլոր երկիրներու ազգային ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը ու սա կը համարէ արդիւնաւէտ քայլ՝ խաղաղութեան ամրապնդման եւ հարեւաններու շահերու ապահովման ուղղութեամբ։ Ըստ Ռայիսիի, Կովկասի պարագային Իրանի արտաքին քաղաքականութիւնը կայուն է։ Հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու զարգացումը եւ փոխադարձ շահերու ապահովման համար յարաբերութիւններու ամրապնդումը Իրանի տեսակէտէ հիմնարար քաղաքականութիւն է։