ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԸ՝ ԿԻԶԱԿԷՏԻՆ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ամանորի ընդառաջ յայտարարեց, որ տարածաշրջանային քաղաքականութիւնը յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ իր երկրին տեսակէտէ։ «Մեր մեկնակէտն է այն իրողութիւնը, թէ արտաքին աշխարհին հետ կ՚առընչուինք, բառիս բուն ու փոխաբերական իմաստով, մեր տարածաշրջանային յարաբերութիւններուն միջոցաւ։ Ի հարկէ, տարածաշրջանային յարաբերութիւններու բարելաւումն ու կարգաւորումը մեր առաջնահերթութիւններու շարքին են», ըսաւ ան։
Նիկոլ Փաշինեան, որ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս մասնակցեցաւ տարեմուտի առթիւ կազմակերպուած ընդունելութեան, մէկտեղուեցաւ նախարարութեան կեդրոնի վարչամեքենայի անդամներուն, արտասահմանի հայկական դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու աշխատակիցներուն, ինչպէս նաեւ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դիւանագէտներու հետ։ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի ներկայութեամբ ունեցած ելոյթին ժամանակ վարչապետը ըսաւ.
«Ինչպէս աշխարհի բազմաթիւ երկիրներ, այնպէս ալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ըստ էութեան, կը գտնուի խաչմերուկի մը դէմ յանդիման, որովհետեւ աշխարհակարգը, ինչպէս առիթն ունեցած եմ ըսելու, եթէ շատ մեղմ ձեւակերպենք, խորքային վերափոխումերու փուլի մէջ է եւ այդ խորքային վերափոխումները, բնականաբար, իրենց ազդեցութիւնը կ՚ունենան միջազգային յարաբերութիւններու եւ քաղաքականութեան խորքային ընկալումներու վրայ։ Կը կարծեմ՝ երկիրներու մեծամասնութեան մէջ այս գործընթացը տեղի կ՚ունենայ եւ, բնականաբար, այս գործընթացը չի կրնար շրջանցել Հայաստանի Հանրապետութիւնը»։
Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով՝ յարափոփոխ աշխարհին մէջ դիւանագիտութեան դերը՝ որպէս անվտանգութեան ապահովման բաղադրիչ, հետզհետէ աւելի կը մեծնայ եւ այդ գործառոյթին նկատմամբ պէտք է աւելի մեծ ուշադրութիւն ցուցաբերուի։ Վարչապետը յիշեցուց, որ Հայաստան միշտ հետամուտ է խաղաղութեան օրակարգին։ «Դիւանագիտական եւ արտաքին քաղաքական մեր օրակարգը պէտք է այնպէս մը ձեւաւորուին, որ մեր վարած քաղաքականութիւնները դառնան գործօններ, որոնք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ տարածաշրջանի անվտանգութիւնը կ՚ապահովեն», ընդգծեց Նիկոլ Փաշինեան։